Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«12 Յունիսը Կարեւոր Փուլ Է, Չափազանց Կարեւոր Է Շատ Մարդոց Ներկայութիւնը» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

June 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բագրատ արք. Գալստանեանի ղեկավարած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը նախանցեալ գիշերէն փակ կը պահէ Բաղրամեան պողոտան, որպէսզի իշխանութեան պարտադրէ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հրաժարականի օրակարգով արտահերթ նիստ կայացնել:

«Վրանային աւանը պիտի մնայ այստեղ, բայց, բնականաբար, ոչ ամիսներով», երէկ երեկոյեան հարթակէն յայտարարեց Բագրատ սրբազանը:

«Մեր ըսած 96 ժամուան մէջ պիտի սահմանափակուինք», նշեց ան` աւելցնելով, որ 12 յունիսը կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ, չափազանց կարեւոր է շատ մարդոց ներկայութիւնը այստեղ:

«Այսօր ո՛չ պիտի քալենք, ո՛չ երթ պիտի ընենք, կը պատրաստուինք 12 յունիսին», ըսաւ սրբազանը` շեշտելով նաեւ, որ այսօր առաւօտէն տարբեր վայրերու մէջ տարբեր գործողութիւններ տեղի պիտի ունենան: Այլ մանրամասնութիւններ ան չյայտնեց:

Խորհրդարանի գլխաւոր դարպասներուն դիմաց տասնեակէ աւելի վրաններ տեղադրուած են, այստեղ են շարժման առաջնորդները եւ անոնց աջակիցները:

«Սա անվստահութեան գործընթացի առաջին քայլն է: Կը Խնդրեմ ձեզմէ օրինական լուծումներուն, քայլերուն մասին հարցնէք պատգամաւորներուն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր Բագրատ սրբազանը` աւելցնելով, որ իր առաջադրման մասին այս պահուն խօսք չկայ:

Ընդդիմադիր շարժման մասնակիցները նախանցեալ օր Հանրապետութեան հրապարակէն երթով հասան Բաղրամեան պողոտայ: Ոստիկանութիւնը, սակայն, անոնց թոյլ չտուաւ շարժիլ դէպի Դեմիրճեան փողոց: Իրաւապահները իրենց քայլը կը հիմնաւորէին, թէ այդպէս կրնայ խոչընդոտուիլ խորհրդարանի բնականոն գործունէութիւնը: Ներկայիս դէպի Դեմիրճեան փողոց տանող հատուածը ոստիկանութիւնը փակ կը պահէ, միւս կողմէ ցուցարարները ճամբան փակած են վրաններով:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովի Խորհուրդը Մերժեց Արտահերթ Նիստ Գումարելու Ընդդիմութեան Առաջարկը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.