Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բռնութեան Դէմ Փառապսակ Յաղթանակ

June 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Վախը ցունամիի ուժգնութեամբ իր ահեղ կազմին մէջ կլանած է ներկայ իշխանաւորները, եւ անոնք ամէն օր շատ աւելի անօրինական ու վայրագ, ճիփ ու ճիշդ անտառներէն փախած վայրի անասուններու նման կը յարձակին չորս տարիէ բռնատիրութեան ու սգաւորութեան մէջ տուայտող քաղաքացիներուն ու կազմակերպութիւններուն վրայ:

Ոստիկանական հսկայ ինքնաշարժներու շարքի փոխարէն` շոգեկառք մը վարձելու էին. երկաթուղագիծ չկա՞յ. հարց չէ, անոնք իրենց նպատակին հասնելու բոլոր հնարքները գիտեն: Իսկ այդ նպատակը օրէնք, սահման, մարդկայնութիւն չի ճանչնար:

Պայթա՜ծ է յեղափոխութիւնը: Առաջին քրիստոնեայ ազգին դաւանած Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի՛ հաստատուի արդարութիւնը հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն ներս: Պիտի՛ հեռանան ցնցոտի հոգիներով իշխանաւորները, պիտի սմքին անոնց թուլամորթ, շահամոլ ու իտէալազուրկ համակիրները, սովորական է նաեւ, որ այսպիսի մարդիկ միշտ անցնին յաղթողի՛ն կողմը:

Գոյութենականը այն է, որ իր աքսորէն պիտի վերադառնա՜յ ճշմարիտ արդարութիւնը` փողփողացնելով իր եռագոյն պատմուճանը:

Փա՜ռք մեր նահատակներուն, աստուածառաք առաջնորդին եւ ըմբոստութեան զինուորագրուածներուն:

Երբ Հայաստանի կորուստին ի տես` հայրենիքի հողատու դաւաճաններու դիմաց բարձրաձայնուի հազար-հազարներու մղձաւանջը, երբ զոհեր աղաղակեն թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ռազմագերիներու տառապանքը. եւ արդարներ իրենց պատմական սուրերը ճօճեն մեր պապենական հողերուն, իրաւունքներուն եւ սրբութիւններուն վերատիրանալու համար, անպայմա՜ն, անպայմա՛ն պիտի հասնի, իր կորսնցուցած փառքն ու պատիւը վերադարձնելով հայ ժողովուրդին` դափնեպսակ Յաղթանակը:

Յաղթանակ եւ աւելի՛ յաղթանակում:

Մայիս 28, 2024

 

Նախորդը

«Մենք Կրնանք Խնդիրը Լուծել, Եթէ Վաղուընէ Սկսեալ Ընդամէնը 96 Ժամ Առանց Դադարի Մնանք Փողոցը Եւ Մեր Կամքը Պարտադրենք» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

Յաջորդը

Հարս, Հարսանիք Եւ… Ապահարզան

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.