Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Արդար Եւ Տեւական Խաղաղութեան Հաստատման» Կը Յայտարարեն Պայտըն Եւ Մաքրոն

June 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է երկու երկիրներու նախագահներու` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք հրապարակուած «Ֆրանս-ամերիկեան ճամբու քարտէս»-ին մէջ:

Պայտընի եւ Մաքրոնի համոզումով, Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ «միջազգային օրէնքին նկատմամբ յարգանքի, ինչպէս նաեւ գերիշխանութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ»:

Ուաշինկթընն ու Փարիզը կ՛աջակցին «Հարաւային Կովկասի մէջ հետագայ համարկման` ի շահ ամբողջ շրջանի ժողովուրդին»:

Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան Արցախի տագնապի լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններ են` Ռուսիոյ հետ միասին:

Ազրպէյճանի նախագահը վերջերս պահանջեց լուծարել Մինսքի խմբակը, Հայաստանի իշխանութիւնները, սակայն, զայն կը պայմանաւորեն խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ:

Երկու երկիրներու Ուքրանիոյ վերաբերեալ միացեալ ճամբու քարտէսը Քիեւի` Ռուսիոյ սառեցուած հաշիւներու օգտագործման ջանքերուն զօրակցելու յանձնառութիւնը կը պարունակէ:

«Միացեալ Նահանգներ ուժեղ կերպով Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնին, մենք մեր դաշնակիցներուն կողքին կը կանգնինք: Փութին Ուքրանիայով պիտի չբաւարարուի… Ամբողջ Եւրոպան սպառնալիքի տակ պիտի ըլլայ: Պիտի չարտօնենք, որ ատիկա տեղի ունենայ», ըսաւ Պայտըն:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին պնդեց, որ Խարքովի դէմ ռուսական բանակի յարձակումը ձախողած է: Ան ըսաւ, որ ուքրանական ուժերը կարելի եղածին չափ «կը զսպեն» ռուսական ուժերու յառաջխաղացքը:

Նշենք, որ բազմաթիւ համաշխարհային ղեկավարներ ուրբաթ օր մասնակցեցան Համաշխարհային Բ. պատերազմի շրջադարձային դէպքերէն` Նորմանտիի ցամաքահանման 80-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն:

Նախագահ Պայտըն ամերիկեան բանակի «Ռէյնճըրզ» զօրամասին կողմէ ազատագրուած բլուրին վրայ խօսք մը արտասանելով նացիական Գերմանիոյ սպառնալիքը բաղդատեց ներկայիս աշխարհի դիմակայած բռնատէրներու եւ մենատիրութիւններու սպառնալիքին, եւ ամերիկացիներուն կոչ ուղղեց` ինքնամեկուսացումին դիմադրելու: «Ոեւէ մէկը կը կասկածի՞, թէ կ՛ուզեն, որ Ամերիկան դէմ կանգնի այսօր այստեղ` Եւրոպայի մէջ Փութինի յարձակումին», հարց տուաւ ան` աւելցնելով. «Ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը կը պահանջէ ամէնէն դժուար բանը` հաւատալ, որ մենք մեզմէ աւելի մեծ բանի մը մաս կը կազմենք»:

Նախորդը

Իրանի Մէջ Նախագահի Հաստատուած Թեկնածուներուն Թիւը 6 Է

Յաջորդը

Իսրայէլ 4 Գերիներ Ազատագրելու Համար 274 Պաղեստինցի Քաղաքայիններ Սպաննեց

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.