Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Մեր Առաջնահերթութիւնը Մագլցումը Զսպելն Ու Իսրայէլեան Յարձակումը Դադրեցնելն Է»

June 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն 6 յունիսին հրապարակած միացեալ հաղորդագրութիւնը, որ «Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ Կապոյտ գիծի երկայնքին լարուածութեան ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի համահունչ նուազեցման օգնելու ճամբով իրենց ջանքերը միաւորելու կարեւորութիւնը շեշտեց»:

Միքաթի բարձր գնահատեց Լիբանանի զօրակցող եւ մագլցումը դադրեցնելու ամէն ջանք թափելու կոչ ուղղող այդ կեցուածքը: «Մեզի համար առաջնահերթութիւնը աշխարհի տարածքին Լիբանանի բարեկամներուն եւ մեծ տէրութիւններուն հետ մագլցումը զսպելն է եւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելը», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

«Լիբանանեան դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները տարբեր առիթներով Լիբանանը փրկեցին ո՛չ միայն երկրին դէմ, այլ շրջանային մակարդակով պատերազմը ընդլայնելու իսրայէլեան ծրագիրներու վտանգներէն, եւ այս ուղղուածութեան մասին խօսեցաւ չորս երկիրներու հաղորդագրութիւնը, երբ շրջանային մագլցումէն խուսափելու համար աշխատիլը շեշտեց», նշեց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ ժողով մը գումարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի, Միջազգային դրամատան մէջ Միջին Արեւելքի շրջանի շրջանային տնօրէն Քամալ Հայեքի եւ վարչապետի երկու խորհրդականներ Նիքոլա Նահհասի ու Սամիր Տահերի հետ:

Նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեատ ժողովէն ետք յայտնեց, որ ժողովի ընթացքին քննարկած են ուժանիւթի եւ մասնաւորաբար վերանորոգուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ Միջազգային դրամատան փոխատուութեան ծրագիրին շուրջ աշխատանքը:

«Միքաթիէն տեղեկացանք, որ ստացած է շրջաբերականը, որ իրեն ուղարկեցինք` պատասխանելով «Թոթալ Էներճի» եւ «Քաթար Էներճի» ընկերութիւններուն շուրջ 100 մեկաուաթ կարողականութեամբ վերանորոգուող ուժանիւթի գործարանի շուրջ նամակին: Առաջարկեցինք իրաւական լուծում մը, որ կ՛արտօնէ այդ ծրագիրը շտապ կերպով գործադրել, որպէսզի երկու ընկերութիւնները կարենան գործարանի կառուցման մէջ ներդրում կատարել: Վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթին անոնց, ուժանիւթի նախարարութեան առաջարկին համահունչ, նամակ մը յղեց, եւ այժմ կը մաղթենք, որ քաթարական եւ ֆրանսական կողմերը զայն դրական կերպով ընկալեն», ըսաւ Ֆայեատ:

«Վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթին դրի նաեւ Սուրիա իմ կատարած այցելութեանս մթնոլորտին մէջ, ան զայն ողջունեց, եւ այդ թղթածրարին շուրջ դրական զարգացումներու արձանագրութեան կը սպասենք», յայտնեց ան:

Պատասխանելով ելեկտրականութեան մատակարարման յաւելման մասին հարցումի մը` ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ այդ մատակարարումը արդէն աւելցած է. Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը կը գործէ Տէր Ամմարի եւ Զահրանիի ելեկտրակայաններուն հետ եւ շուրջ 450 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ, իսկ հիմա` յունիսի կիսուն, այդ արտադրութիւնը պիտի բարձրանայ շուրջ 600 մեկաուաթի, ինչ որ ելեկտրականութեան մատակարարման յաւելեալ ժամեր կը նշանակէ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հալապի. «Պետական Քննութիւնները Միացեալ Պիտի Ըլլան Եւ Իրեց Ժամկէտին Պիտի Կատարուին»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.