Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ տարեշրջանի իր վերջին մրցումը` Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի դէմ:
Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով դաշտ ներկայանալ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք պզտիկ մանրամասնութիւններով միայն չրցան Գ. դասակարգ բարձրանալ, շատ յաջող տարեշրջան մը բոլորած էին դառնալով Լեռնալիբանանի ախոյեան, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
1997-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ բարձրացած էր Գ. դասակարգ` գրաւելէ ետք Բ. դիրքը, բայց օրին մրցանիշ արձանագրած էր 19 անպարտելի մրցումներ կատարելով:
Յոյսով, որ յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքը յառաջիկայ տարեշրջանին, եւ Լեռնալիբանանի ախոյեանի եւ գերբաժակի ձեռք բերման կողքին խումբը կը բարձրանայ նաեւ Գ. դասակարգ:
Այս տարեշրջանին խումբը կատարեց 20 մրցումներ գերբաժակի կողքին` յաղթելով 16 եւ կորսնցնելով 4 մրցումներ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը նշանակեցին 86 կոլ եւ ստացան 19 կոլ:


