Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Շուտով Պիտի Վերադառնայ Հայաստան»

June 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին Ռուսիոյ մէջ խորհրդակցութենէ ետք շուտով պիտի վերադառնայ Հայաստան, յարաբերութիւններու խզման մասին խօսք չկայ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին` Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:

«Խորհրդակցութիւններու համար դեսպանը կանչելը սովորական դիւանագիտական գործելաոճ է: Ճիշդ այս գործելաոճի ծիրին մէջ Սերկէյ Փաւլովիչ Քոփիրքին կանչուած է խորհրդակցութեան: Մենք այդ խորհրդակցութիւնները կատարած ենք: Ըստ այնմ` ես կը կարծեմ, որ շատ շուտով կարելի է Սերկէյ Փաւլովիչի Երեւան վերադարձը եւ անոր պարտականութիւններու կատարման վերսկսումը ակնկալել», ըսած է ան:

Պատասխանելով երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակի նուազեցման մասին հարցումին` Կալուզին շեշտած է, որ ատիկա բացառուած է:

«Դեսպանը կանչած են խորհրդակցութիւններու, ան ետ չէ կանչուած: Ռուսիան եւ Հայաստանը դաշնակիցներ են, ռազմավարական գործընկերներ», աւելցուցած է ան:

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին 24 մայիսին խորհրդակցութիւններու համար կանչուած էր Մոսկուա:

Նախորդը

«Ռուսիան Պատրաստ Է Սահմանազատման Հոլովոյթին Մէջ Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Խորհրդատուական Օգնութիւն Ցուցաբերելու» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Լեմքինի Հիմնարկ. «ՄԱԿ-ը Պէտք Է Ջնջէ Ազրպէյճանը` Իբրեւ ՔՈՓ29-ը Հիւրընկալող Երկիր Ճանչնալու Որոշումը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Ռազմավարութեան Պատճառով»

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.