Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Կը Զգուշացնենք, Որ Լիբանանի Մէջ Մագլցում Մը Պիտի Վտանգէ Իսրայէլի Անվտանգութիւնը»

June 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ մագլցում մը պիտի վտանգէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի առաջնորդէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ կացութեան հանդարտեցման` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմաններուն վրայ տագնապի մագլցում չենք ուզեր` խուսափելու համար երկու կողմերէն յաւելեալ զոհերու արձանագրումէն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ պէտք է Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական լուծումի գոյացման ձգտիլ:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորեքշաբթի օր Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայր այցելելով յայտարարեց, որ Իսրայէլ հիւսիսի մէջ «շատ ուժեղ գործողութեան մը» պատրաստ է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է իսրայէլեան բանակի պահեստային զինուորներուն թիւը 350 հազարի բարձրացնել արտօնող որոշումին, որ ի զօրու պիտի ըլլայ մինչեւ 31 օգոստոս:

Ըստ կայանին, թիւի այս բարձրացումը բնական ու սովորական է` աւելցնելով, որ որոշումը որդեգրուած է, մինչ իսրայէլեան կողմը հիւսիսի մէջ «լայնածաւալ արշաւ» շղթայազերծելու սպառնալիքներ կը հնչեցնէ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին համաձայն, Իսրայէլի մէջ գնահատումը այն է, որ Հըզպալլայի հետ պատերազմ մը կրնայ ծագիլ յառաջիկայ շաբաթներուն:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կարգին չորեքշաբթի օր իր քաղաքացիները զգուշացուցած էր Իսրայէլի եւ Սուրիոյ հետ սահմաններուն կամ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մօտենալէ:

Նախորդը

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ Կը Նշեն. «Գալիլիոյ Մէջ Հարֆիշի Ռմբակոծումը Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հըզպալլայի Ամէնէն Վտանգաւոր Յարձակումն Է»

Յաջորդը

«Ռուսիան Պատրաստ Է Սահմանազատման Հոլովոյթին Մէջ Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Խորհրդատուական Օգնութիւն Ցուցաբերելու» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.