Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանց Հիւսիսային Իսրայէլի Քաղաքապետներուն. «Պատրաստուեցէ՛ք Կռիւի Եւ Աւելի Դժուար Օրերու, Որոնք Կրնան Մեզ Պատերազմի Հասցնել»

June 7, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ճամբար կուսակցութեան նախագահ, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց հիւսիսային Իսրայէլի քաղաքապետներուն դիմելով յայտնեց. «Պատրաստուեցէ՛ք կռիւի եւ աւելի դժուար օրերու, որոնք կրնան մեզ պատերազմի հասցնել»:

«Լիբանանեան կառավարութիւնը լայնածաւալ պատերազմի ծագումը չ՛ուզեր, եւ պէտք է Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնէ», ըսաւ Կանց:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնած է. «Կը հաստատենք, որ պէտք է Հըզպալլայի շրջանին դէմ համապարփակ պատերազմ շղթայազերծենք, Լիբանան մուտք գործենք եւ այդտեղ կռուինք»:

Սակայն իսրայէլեան բանակէն հանգստեան կոչուած հազարապետ-զօրավար Իսհաք Պրիք յայտնեց. «(Իսրայէլեան) բանակին կողմէ Հըզպալլայի վրայ որեւէ յարձակում կրնայ ամբողջ Իսրայէլի մէջ ահաւոր քանդումի պատճառ դառնալ»:

«Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ եւ սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի պատրաստ չեն խոստովանելու բանակին տկարութիւնն ու անկարողութիւնը», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայր այցելութեան ընթացքին պնդած էր, որ Իսրայէլ պատրաստ է հիւսիսի մէջ «շատ ուժեղ գործողութեան» մը:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչ իր կարգին յայտնած էր. «Իսրայէլեան բանակը չ՛ուզեր Լիբանանի մէջ պատերազմ մղել, եւ այդ է իրականութիւնը»:

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ հակադարձելով հարաւային Լիբանանի գիւղերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն, որոնց վերջինը Այթարուն գիւղին դէմ էր, իր մարտիկները «Պրանեթ» զօրանոցին մէջ թիւ 91-րդ խումբի հրամանատարութեան կեդրոնին եւ անոր շուրջ գտնուող զինուորներու դիրքերուն հրթիռներով ուղղակի հարուած հասցուցած են, քանդած անոր մէկ մասը եւ հաստատ կորուստներ պատճառած:

Նախորդը

Թինընթի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Սահմանին Վրայ Կացութիւնը Մտահոգութիւն Կը Պատճառէ»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ Կը Նշեն. «Գալիլիոյ Մէջ Հարֆիշի Ռմբակոծումը Պատերազմի Սկիզբէն Ի Վեր Հըզպալլայի Ամէնէն Վտանգաւոր Յարձակումն Է»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.