Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալիվըն. «Իսրայէլ Նախապէս Ընդունեց Եւ Տակաւին Կ՛ընդունի Զինադադարի Առաջարկը. Կը Սպասենք Համասի Պաշտօնական Պատասխանին»

June 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն լրագրողներու յայտնեց. «Իսրայէլ նախապէս ընդունեց զինադադարի առաջարկը եւ այսօր տակաւին զայն կ՛ընդունի»:

«Ուաշինկթըն ուշադրութիւն չի դարձներ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ առաջարկին վերաբերեալ Համասի ենթադրեալ պատասխանին առնչուած «ըսի ըսաւ»-ներուն: Ուաշինկթըն միայն հետաքրքրուած է Համասի պաշտօնական պատասխանով, որ քաթարցի միջնորդներուն կը փոխանցուի», ըսաւ Սալիվըն:

«Ուաշինկթըն միշտ կապի մէջ է քաթարցի միջնորդներուն հետ, եւ կը յուսանք, որ Համասը կը համաձայնի առաջարկին` իբրեւ պատերազմը աւարտելու, բոլոր գերիներու տունդարձի եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելման լաւագոյն ուղի», ըսաւ ան:

«Սկիզբէն ի վեր այն կարծիքը ունինք, որ Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնը պէտք է կապուած ըլլայ պատերազմին յաջորդող օրը ներառող աւելի ընդարձակ ռազմավարութեան: Վերջաւորութեան այն ինչ որ կ՛ուզենք տեսնել համապարփակ եւ համահունչ ռազմավարութիւն մըն է, որ կապուած է Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտին», նշեց Սալիվըն:

Ան նաեւ նշեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ Տոհա է` Քաթարի վարչապետին հետ Համասի հետ քննարկումներուն վերաբերեալ խորհրդակցութիւն կատարելու համար:

Նշենք, որ Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ շարժումը չի կրնար ընդունիլ համաձայնութիւն մը, որ չի ներառեր մնայուն զինադադարի եւ Կազայէն ամբողջական հեռացման վերաբերեալ իսրայէլեան յստակ կեցուածք մը:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը որոշած է Միացեալ Նահանգներէն պահանջել երաշխիքներ, թէ Կազայի մէջ պատերազմը պիտի շարունակուի:

Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ իսրայէլեան ղեկավարութեան մօտ կայ այն մտավախութիւնը, թէ Ուաշինկթըն պիտի չաջակցի պատերազմի շարունակութեան, ինչ որ զայն մղած է երաշխիքներ պահանջելու:

Իսրայէլեան կառավարութենէն աղբիւր մը կայանին յայտնած է. «Նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի ամերիկեան երաշխիքներու վերաբերեալ որոշումը կրնայ գործարքի գոյացման հաւանականութեան վնասել»:

Նախորդը

Զելենսքին Պիտի Հանդիպի Մաքրոնի Եւ Պայտընի Հետ

Յաջորդը

Միքաթի. «Այն, Ինչ Որ Սինիորան Երկրին Անունով Բանակցելու Թղթածրարը Պըրրիի Յանձնելու Մասին Ըսաւ, Ճշմարտութեան Հակառակ Է»

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.