Եւրոպայի սուսերամարտի ախոյեանութեան պատանիներու մրցաշարքը, (մինչեւ 14 տարեկան) տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Շումեն քաղաքին մէջ:
Հայաստանի հաւաքականի մարզիչ Գագիկ Յովհաննիսեանի սաներէն ամէնէն յաջող ելոյթը ունեցաւ 10 տարեկան Յակոբ Մանուկեան:
Ան 7 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն կրեց` գրաւելով սկզբնական 3-րդ դիրքը: 6 փուլերը աւարտելէ ետք, ընդհանուր դասաւորման մէջ Յակոբ Մանուկեան առաջին դիրքը գրաւեց` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան` իրմէ շատ աւելի երէց պատանիներու մէջ:


