Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Շնորհակալութիւն Պայտընին Թշնամիի Տարածքը Ամերիկեան Զէնքով Հարուածելու Կարեւոր Որոշումին Համար»

June 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ասիական անվտանգութեան «Շանկրի Լա երկխօսութիւն» վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ: Այս մասին Զելենսքի յայտնած է ընկերային ցանցի վրայ:

«Մենք քննարկած ենք հիմնական հարցերը` մեր պետութեան պաշտպանական կարիքները, ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդումը, «ԷՖ-16» դաշինքը, անվտանգութեան երկկողմանի համաձայնագիրի նախապատրաստումը:

«Շնորհակալութիւն նախագահ Պայտընին թշնամիի տարածքին ամերիկեան զէնքով պաշտպանական հարուածներ հասցնելու վերաբերեալ կարեւոր որոշումը տալուն համար` մարտական գօտին ընդլայնելու ռուսական փորձերուն արդիւնաւէտօրէն հակազդելու նպատակով», ընդգծած է Ուքրանիոյ ղեկավարը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Քիեւը կը գնահատէ Ուաշինկթընի կենսական կարեւորութիւն ունեցող պաշտպանութիւնն ու քաղաքական աջակցութիւնը:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» 30 մայիսին հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը գաղտնօրէն չեղեալ նկատած է Ռուսիոյ տարածքին ամերիկեան զէնքով հարուածելու վերաբերեալ Ուքրանիոյ նկատմամբ արգելքը. պատճառը Խարքովի ուղղութեամբ ռուսական յարձակման պատճառով ստեղծուած բարդ կացութիւնն է:

Աւելի ուշ, Փենթակոնը հաստատած է, որ Ուքրանիան կրնայ Խարքովի մարզին մէջ ամերիկեան զէնք օգտագործել: Միեւնոյն ժամանակ, տակաւին արգիլուած է հեռահար ԱԹԱՔՄՍ հրթիռներու Ռուսիոյ տարածքին վրայ յարձակումներու համար օգտագործումը:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2 Կէտով Պարտուեցաւ Մութթահետէն

Յաջորդը

Թրամփ Նուրմակոմետովին Խոստացած Է Դադրեցնել Պաղեստինի Մէջ Պատերազմը

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.