Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանեցի 9 Սաներ Կը Միանան Հայ Եկեղեցւոյ Դպիրներու Ու Կիսասարկաւագներու Շարքերուն

June 4, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 2 յունիս 2024-ին Հայ եկեղեցին նշեց Կաթուղիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը: Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին, ձեռամբ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի տեսչական կազմէն Ազատ աբղ. Ֆիլիքեանի, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն:

Յընթացս ս. պատարագին, Հայ եկեղեցւոյ «Այսօր ուրախացեալ ցնծան» շարականի երգեցողութեամբ, ձեռնադրիչ Շահան արքեպիսկոպոս խնկարկութեամբ մուտք գործեց եկեղեցւոյ դաս եւ ձեռնադրութեան յատուկ արարողակարգով դպիր ձեռնադրեց դպրեվանեցի վեց սաներ` Անթոնի Թումայեան, Յովսէփ Մովսէսեան, Սարգիս Պալապանեան, Յակոբ Սիսեան, Սերժիօ Թումայեան եւ Զոհրապ Ճուռեան. իսկ կիսասարկաւագ ձեռնադրեց երեք սաներ` Յովսէփ Գալըպճեան, Գաբրիէլ Թահանեան եւ Ներսիկ Պարսումեան:

Հուսկ, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց` մեկնելով Ղուկասու աւետարանի 16-րդ գլխէն. «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է` մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է` մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է» (Ղկ 16.10): Ան, առաջին հերթին, անդրադարձ կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին ելն ի Վիրապի եւ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօներուն ու այսպիսով Հայաստան աշխարհ Քրիստոսի լոյսը տարածուելուն: Սրբազանը յայտնեց, որ Լուսաւորչի աստուածաշնորհ տեսիլքին ճամբով Ս. Էջմիածին տաճարին յայտնութիւնը հիմքը դարձաւ Հայ եկեղեցւոյ, եւ նշեց, որ` «Էջմիածինը այսօր կ՛իջնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի անունով այս փառահեղ տաճարին մէջ եւ իր լոյսին հետ իր շնորհները կը հեղու անգամ մը եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր ճեմարանին` դպրեվանքի ուսանողներուն վրայ, որոնցմէ ահաւասիկ դպրութեան ու կիսասարկաւագութեան կարգերով այս տղաքը արժանի եղան այդ շնորհին»:

Վերադառնալով բնաբանին` Շահան սրբազան յորդորեց նորօք ձեռնադրեալները իրենց հաւատարմութիւնը ծառայեցնելու Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ` դիտել տալով, որ իրենց ստացած եկեղեցական կարգերը լոկ արտաքին նշաններ չեն: Սրբազան հայրը ընդգծեց, որ մեքենայաբար եւ առանց հոգիի կատարուած պաշտօնները անիմաստ ու դատարկ են, ուստի հարկ է սիրով, սրբութեամբ ու հաւատարմութեամբ մօտենալ վեհափառ հայրապետին տնօրինումով շնորհուած պաշտօններուն: Շարունակելով իր խօսքը` ան յայտնեց, որ` «Տիրոջ աչքի՛ն պէտք է մեծնաք, եւ մեծնալու համար պէտք է ծառայութեան ճանապարհը բռնէք, որ ընտրեցիք մեր հոգեւոր տան` դպրեվանքին միջոցով: Այն, ինչ որ քիչ առաջ աղօթքներուն մէջ մէկ առ մէկ արձանագրուեցան, ձեր ուշադրութեան յանձնեցի, որպէսզի կերտուին ձեր նկարագիրին մէջ»:

Քարոզի աւարտին ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորօք ձեռնադրեալ դպրեվանքի սաները, անոնց հարազատներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը, իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն` դպրեվանքի տեսչութեան, կազմին եւ դպրեվանքի բարերարներուն ու բարեկամներուն: Ուստի ան հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց ընտրելագոյն զաւակները դպրեվանք ուղարկելու, որպէսզի դառնան Աստուծոյ փառքին ու ժողովուրդի բարօրութեան ճառագայթը:

Ապա ս. սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն»-ի. «Ճիշդ Հնչենք» Մրցում-Յայտագիրի Տասներորդ Տարեշրջանի Աւարտական Մրցում Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 106-Ամեակը` «Ահա՛ Զանգը Տաւուշէն» Խորագիրով

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.