Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ (68 տարեկան) իր թեկնածութիւնը ներկայացուցած է յունիսի վերջաւորութեան նախատեսուած նախագահական ընտրութեան:
Ահմատինեժատ երկու իրերայաջորդ նստաշրջաններ վարած է Իրանի նախագահի պաշտօնը: Ան 2005-ին պարտութեան մատնած էր Հաշեմի Ռաֆսանժանին, իսկ 2009-ին` բարեկարգչական Միրհուսէյն Մուսաւին:
Ան նախագահի պաշտօնէն հեռանալէ ետք նշանակուած էր Իրանի մէջ քաղաքական իրաւարարական բարձրագոյն մարմինը նկատուող Վարչակարգի շահի ախտորոշման խորհուրդի անդամ:
Ուրբաթ օր իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր նաեւ Իրանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ալի Լարիժանին: Նախքան այդ, իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր հիւլէական թղթածրարի հարցով նախկին աւագ բանագնաց, պահպանողական Սայիտ Ժալիլին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ, բարեկարգչական Ապտելնասեր Համմաթին (67 տարեկան):
Թեկնածուներու արձանագրումը պիտի աւարտի այսօր: Թեկնածութեան դիմում ներկայացուցածներուն թիւը 13 է:
Թեկնածուներուն ընտրապայքարի մասնակցութիւնը կախեալ է որոշումէն Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդին, որ պիտի ուսումնասիրէ իւրաքանչիւր արձանագրուածի անհրաժեշտ պահանջներուն համապատասխանութիւնը: Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը 11 յունիսին պիտի յայտարարէ հաստատուած թեկնածուները. յայտարարութեան պիտի յաջորդէ նախընտրական քարոզարշաւը, որ պիտի աւարտի 26 յունիսին:
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով մահանալուն պատճառով կայանալիք արտակարգ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 յունիսին:


