Ազրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան մօտ են, «յոյսով ենք` ամէնէն մօտ ժամանակաշրջանին կը լուծուին մնացեալ հարցերը», երէկ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով` խօսք արտասանելով Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ականազերծման նիւթով խորհրդաժողովին ընթացքին:
Ամիրպեքով նաեւ ըսած է. «Ղարաբաղի մէջ իւրաքանչիւր ենթակառոյց զերոյէն կառուցուած է», այդ տարածքներու վերականգնման շինարարական աշխատանքներուն մէջ 7 միլիառ տոլար ներդրուած է: «Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանը ճշգրիտ տուեալներ պիտի ներկայացնէ մեր պահանջին համաձայն: Ասիկա կրնայ նաեւ նկատուիլ իբրեւ երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան հիմնարար միջոց»:
Ամիրպեքով նշած է, որ ականներու վերաբերեալ հայկական կողմին տրամադրած տեղեկատուութիւնը շատ «անորակ է եւ ցած մակարդակի»:


