ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Զաւէն Քիթապճեանը` իր ետին ձգելով երաժշտական աւանդ մը, որուն ծանօթ է լիբանանահայութիւնը:
Ծնած է Հալէպ: Փոքր տարիքին նուէր ստացած է շրթնահարմոն (հարմոնիքա) գործիք մը, որուն վրայ փորձեր կատարելով` սկսած է նուագել, այդպէս ի յայտ եկած է իր տաղանդը երաժշտութեան նկատմամբ:
Ծնողքը` տեսնելով իրենց զաւկին սէրը այդ մարզին մէջ, որոշած են ձեռնադաշնակ մը գնել (աքորտէոն) եւ յատուկ դասընթացքներու արձանագրած են զայն:
Շատ արագօրէն այս գործիքն ալ ընտանի գալով` յառաջ գացած է եւ յարատեւ փորձերով յաջողած է արձանագրել շատ լաւ արդիւնքներ, որոնց համար ուսուցիչը շատ լաւ տպաւորուած է իրմով:
Տասնվեց տարեկանին փոխադրուած են Պէյրութ, եւ ինք նոյն խանդավառութեամբ շարունակած է նուագել ընտանեկան հաւաքոյթներուն, ինչպէս նաեւ ընկերակցած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբի փորձերուն «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Միացած է «Սայաթ Նովա» նուագախումբին, եւ միասնաբար ճամբորդած են Հայաստան, Գահիրէ եւ Հալէպ` 1969 դեկտեմբերին:
Ժիրայր Եագուպեանի «Լոռի» պարախումբին հետ նուագած է Լիբանանի մէջ, նաեւ խումբին ընկերակցած է Կիպրոսի մէջ ունեցած ելոյթներուն ընթացքին:
1972-ին, ձեռնադաշնակի կողքին, սկսած է երգեհոն նուագել եւ մաս կազմած է «Աղթամար» նուագախումբին:
Սկսած է երեկոները նուագել ճաշարաններու մէջ` տարբեր երգիչներու հետ: Կարելի է յիշել հետեւեալ ճաշարանները. «Փորթուկեզա», «Քալվատոս», «Լոս Ամորես», «Գառնի»` Կոլտըն պիչ, «Սիզըրզ փալաս»` երգիչ Գօգօ Հայիթեանի հետ, եւ մասնաւորաբար ճամբորդած եւ ելոյթներ ունեցած են` Աղեքսանդրիա, Փարիզ եւ Քուէյթ: Նուագած է նաեւ «Փենթա քլապ»-ի մէջ` Պուրճ Համուտ, եւ` «Պուֆալօ սթէյք հաուզ»-ի:
Ցերեկները ունեցած է իր ցերեկային աշխատանքը, կէսօրէ ետք աշակերտներու սորվեցուցած է ձեռնադաշնակ կամ երգեհոն նուագել, իսկ իրիկունը` իր գիշերային նուագի աշխատանքը:
1974-ին կազմած է իր ընտանիքը` ամուսնանալով Մարօ Քէշիշեանին հետ, եւ ունեցած են երկու մանչ զաւակներ` Սուրէն եւ Յարութ: 1976-ի լիբանանեան պատերազմին աշխատանքի համար կինն ու զաւակը առնելով` մեկնած են Դամասկոս: Հոն բաւական ժամանակ աշխատելէ ետք անցած են Ամման եւ հոն մնացած են ամիսներ` նուագելով ճաշարանի մը մէջ:
Զաւէնին համար երաժշտութիւնը իր կեանքն էր: Չէր կրնար ապրիլ առանց նուագելու: Կեանքի վերջաւորութեան ալ կը փորձէր միշտ նուագել, երգեհոնը իր սենեակին մէջ իրեն կը սպասէր:
Անկեղծ, կամեցող, ծառայասէր, համեստ եւ յարգանօք` բարեկամներու եւ հարազատներու նկատմամբ:
Երաժշտութիւնը եղած է կեանքիդ նպատակը եւ լաւագոյն ձեւով փոխանցած ես հանրութեան: Մարդիկ հաճոյքով ունկնդրած ու վայելած են նուագած կտորներդ` ուրախ տրամադրութեամբ եւ ժպտուն դէմքերով:
Ննջես խաղաղութեամբ:
Յիշատակդ անթառամ:


