Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուրիին (Ի Յիշատակ Հուրի Թորիկեանի)

May 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Հուրի Թորիկեան

Այսօր` մայիս 28-ին, որոշեցիր մեկնիլ: Դո՞ւն որոշեցիր, թէ՞ մարմինդ… ո՞վ կրնայ գիտնալ: Ոչ ոք: Բայց այսքան տարի չարչարուելէ ետք, երբ մեզի համար այսքա՛ն խորհրդանշական օր մը կը մեկնիս, ակամայ կը մտածեմ, «Դո՛ւն որոշեցիր մեկնիլ ճի՛շդ այս օրը. անկախութիւնդ ձեռք ձգել վերջապէ՜ս եւ կարենալ թռչիլ քո՛ւ թեւերովդ»:

Սիրելի, անուշի՛կ ընկերուհիս` Հուրի՛,

Ամէն օր կը հեռաձայնէիր ինծի եւ ամէն օր քաղցր ձայնով` «Անի՛, ինչպէ՞ս ես,- կը հարցնէիր, «Ազա՞տ ես, չե՞մ խանգարեր»: Այդ երկու հարցումները եւ զանոնք բերող ձայնը որքա՜ն պիտի կարօտնամ:

Ո՛չ, չես խանգարեր, Հուրի՛, բնա՛ւ չես խանգարեր…

Հիմա ձայնդ պիտի ընկերակցի ինծի Լաոյին հետ առօրեայ պտոյտներուս ընթացքին: Մտովի պիտի շարունակեմ կիսատ մնացած մեր խօսակցութիւնները, որոնք հազարումէկ թելերէ կը սկսէին ու յաճախ օդին մէջ առկախ կը մնային:

Դուն ամէ՛ն կիրակի սուրբ պատարագը կ՛ունկնդրէիր, ամէ՛ն օր Աստուածաշունչ եւ Նարեկ կը կարդայիր: Երբ այդ մասին խօսէինք, ես բարկացած կ՛ըսէի. «Հուրի՛, Աստուած ինչո՞ւ կը չարչարէ քեզի պէս բարի, ազնի՜ւ, մաքո՜ւր աղջիկ մը եւ անպատիժ կը ձգէ` գող-աւազակներ, ցեղասպաններ, մարդասպաններ…»: Մէկ վայրկեան կը համաձայնէիր, բայց քիչ ետք կը կրկնէիր.- «Երբ Աստուածաշունչ կարդամ, հոգիս կը հանդարտի…»:

Խօսակցութեան միւս թելը երաժշտութեանն էր անշուշտ: Գեղեցիկ ձայն ունէիր եւ երգչախումբի մաս կազմած էիր. կը յիշեմ` Ֆէյրուզէն սկսելով մինչեւ Ռայիսա Մկրտչեան ու ինծի անծանօթ երգիչ-երգչուհիներու մեղեդիները կ՛երգէիր ընկալուչին մէջ, իսկ ես հիացած` մտիկ կ՛ընէի: «Ի՛նչ աղուոր է ձայնդ, Հուրի՛…», կը բացագանչէի, իսկ դուն կ՛ուրախանայիր պարմանուհիի մը նման: Երբեմն ալ ե՛ս իմ սիրած մէկ երգիս ձայնը բարձրացնելով` հեռաձայնը կը մօտեցնէի երաժշտական գործիքի բարձրախօսին, որպէսզի լա՛ւ լսէիր… Այսպէ՛ս է, որ «համերգներու» գացած ենք միասին եւ ունկնդրած` Ատիսին «Սեւ աչերը մի՛ սիրիր»-ը, Բիբոյանի «Վայրի ծաղիկ»-ը…

– Կը յիշե՞ս,- ըսիր իրիկուն մը,- օր մը ձեր տունը եկայ Պէյրութ, եւ ինծի մտիկ ընել տուիր Պեթհովենի եօթներորդը… այդ օրը բնա՛ւ չեմ մոռնար…

Խօսակցութեան այդ թելը մեզ կը տանէր Ճեմարան ու կը բանար յիշատակներու կծիկը:

Ահա մենք` դպրոցէն արձակուած պատանիներու խումբ մը, ձեր շէնքին մուտքին: Դուն, Նոնոն, Թամարը, Հերան… չէինք ուզեր տուն երթալ. կը խօսէինք յաջորդ օրուան պարտականութիւններուն կամ ուսուցիչներուն մասին: Աշխատասէր, պարտաճանաչ ու խելացի աշակերտուհի` պատրաստ էիր բոլորիս օգնելու: Հայերէ՞ն, թուաբանութի՞ւն, արաբերէ՞ն, գիտութի՞ւն… ոչ մէկ նիւթ անմատչելի կը թուէր քեզի: Հետագային հանրային առողջապահութեան նիւթը պիտի ուսանէիր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը եւ մագիստրոսի վկայական ստանայիր…

Մեր ուսուցիչները անպայմա՛ն մաս կը կազմէին հեռաձայնային մեր խօսակցութիւններուն:

Օր մը պատմեցի զիս խորապէս վիրաւորած արաբերէնի ուսուցիչին` պարոն Թահանին մասին:

– Կը յիշե՞ս ի՛նչ ըսաւ, Հուրի՛, երբ բառի մը իմաստը չէի գիտցած ու կարմրած էի:

– Ի՞նչ.

* Բոլոր աշակերտներուն ըսաւ, որ ինծի նային եւ.- «Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք Փափազեանին դէմքին. կապիկի յետոյքին չափ կարմիր է»… կ՛երեւակայե՞ս: Այդպիսի ուսուցիչ մը գործը կը կորսնցնէ հոս…

– Հապա՞ ինծի ինչ ըսաւ, չե՞ս յիշեր,- իր խոցը պատմեց Հուրին, որուն անունը կրակի կը յղուէր, բայց որ շա՜տ հանդարտ մէկն էր:

– Հուրի՛, անունդ կրակ է, բայց դէմքդ` «Ֆրիժիտե՜ր» (սառնարան): Ասանկ բան կ՛ըսուի՞ աշակերտի մը… շարունակեց ձայնով մը, ուր վիրաւորանքը տակաւին կը թրթռար…

Կը խնդայինք ու կ՛անցնէինք աւելի լաւ ուսուցիչներու եւ պատանեկան-երիտասարդական միութիւններէն մնացած յիշատակներու:

***

Հուրին ԼԵՄ-ական եղած էր, զաւարեանական. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին պահակ տղոց պահապան… յետոյ անցած էր Ամերիկա, ուր աշխատած էր «Ասպարէզ», Ֆերահեան վարժարան եւ այլ տեղեր, մինչեւ որ առողջական վիճակը վերջնականապէս արգիլած էր բնական, աշխատանքային առօրեայ մը ունենալ:

Ոեւէ սովորական անձ կրնար վհատած ըլլալ կեանքի այս դաժան տնօրինումին ի դէմ, բայց մեր Հուրին տարբեր էր: Քա՛ջ, լաւատե՛ս, ազնուական կեցուածք որդեգրած էր իրեն տնօրինուած ճակատագրին հանդէպ: Միշտ կ՛ըսէր, որ լա՛ւ էր. փոխանակ ե՛ս զինք քաջալերելու` ի՛նք կը հանդարտեցնէր զիս. «լաւ պիտի ըլլամ, ամէն բան Լաւ պիտի ըլլայ…»:

Ու նիւթը կը փոխէինք` կա՛մ ճաշի մասին խօսելով, կա՛մ անխուսափելի դարձած ազգային, քաղաքական հարցեր շօշափելով: Հուրին շա՜տ կը տխրէր Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռեակով ու կը տագնապէր: «Ինչո՞ւ այսպէս եղաւ», «համ, հոտ չմնաց», կը շարունակէր:

Յաճախ այնքա՛ն կը նեղուէր, որ արեան ճնշումը հրթիռի պէս կը բարձրանար, եւ ինք գիշերը քունը կը փախցնէր: Որոշեցինք ա՛լ չարծարծել ցաւոտ հարցերը ու վերադառնալ շնիկիս, պարտէզիս, մեր կարդացած գիրքերուն…

Ընթերցասէր էր Հուրին: Վերջին խօսելուս Շանթ կը կարդար. մոռցած եմ, թէ ո՛ր գործն էր ու բնազդաբար կ՛ուղղուիմ դէպի հեռաձայն` իրեն հարցնելու: Անմիջապէս կը կենամ սակայն:  Պիտի չլսեմ ձայնը: Հուրին ահա քանի մը ամիսէ ի վեր զիս, մեզ վարժեցուցած է իր բացակայութեան: Ան այնքա՛ն վեհանձն էր, որ ժամանակ տուաւ շուրջիններուն իր ձգելիք պարապին համակերպելու: Վստահ եմ` բոլոր ընկեր-ընկերուհիները նոյնը կը զգան: Հուրին անհամար ընկերուհիներ ունէր. ո՞րը յիշեմ. Շնորհի՞կը, Սեդա՞ն, Մարա՞լը, Հուրի՞ն, Վարսենի՞կը, Շաքէ՞ն, Հոլո՞ն,Նորա՞ն, Կարինէ՞ն, Էլիզապէ՞թը, Արմինէ՞ն, Նանա՞ն… Անձնապէս չեմ ճանչնար զիրենք, բայց Հուրիին միջոցով բոլորին ծանօթացած եմ հեռուէն:

Ամէն մարդ կը սիրէր զինք, եւ ինք կը սիրէր ամէն մարդ:

Հիմա իւրաքանչիւր անձ, որ ճանչցած է Հուրին, պիտի ապրեցնէ զայն ի՛ր ձեւով:

Պարտէզիս դէմ հսկայակա՜ն ծառ մը կայ, ուր տեղ գտած են այլ եզր անցած հարազատներս եւ ընկեր-ընկերուհիներս: Հուրին ալ պիտի նստի ճիւղերէն մէկուն վրայ, ու երբ մեղմ հովը շոյանքի պէս անցնի կանաչ տերեւներէն, պիտի շշնջայ վերէն.

– Լաւ եմ, մի՛ մտահոգուիր, հոս լաւ եմ, բոլորին հետ:

Իսկ ես, ամէն առտու երբ շանս հետ անցնիմ մեր թաղի փողոցներէն, պիտի շարունակեմ հոտոտալ մայթերու եզրերը զարդարող վարդերն ու կարտենիաները ու անոնց մէջ փնտռեմ Հուրին, որ բուրաւէտ ծաղիկ էր:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (31 Մայիս 2024)

Յաջորդը

Մրցանիշ` Դէպի Հիմալայեայի Գագաթը 29 Անգամ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.