Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 28-ի Կախարդական Ոգին

May 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ եթէ 1915-ը Ցեղասպանութեան, հայապահպանութեան մռայլագոյն թուականն է, սակայն անոր յաջորդող երրորդ տարին` 1918 մայիս 28-ը հայութեան ամէնէն փայլուն ու լուսաւոր թուականն է, որ շողաց աւելի քան վեց դարերու խաւարէն ետք:

Ինծի կը թուի, թէ հայ ժողովուրդի ներքին թաքուն եւ հրաշքանման ուժական կարողութեան արտայայտութիւնն է այդ մէկը, երբ կառափնատէն հազիւ մազապուրծ ազատած ու փրկուած հայութիւնը յաջողեցաւ աւելի քան վեց դարերու գերութենէն յարութիւն առնել ու հաստատել նոր պետականութիւն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ազատ ու անկախ, բայց` ոչ ամբողջական ու միացեալ, բայց, ափսո՜ս, հազիւ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցաւ անիկա:

Բանաստեղծին բառերը աւելի քան խօսուն են.

«Ու վեց դարերու խաւարի վրայ`
Դրօշ եռագոյն»:

Ի գին բազմաբիւր նահատակներու արեան:

Քիչ անց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կորսնցուց իր անկախութիւնը, եւ անոր արդէն ամփոփ տարածքը մասնատուեցաւ ու պատուեցաւ սեւ ու կարմիր բռնակալութեամբ: Անկէ պոկուեցան Կարսի եւ յարակից տարածքները` տրուելով Թուրքիոյ: Անկէ խլուեցան Նախիջեւանն ու Արցախը` տրուելով թաթարներուն` Թուրքիոյ արեւելեան ու կարմիր տարբերակին` Ազրպէյճանին, ու այդ մէկը` հայանուն պոլշեւիկներուն եւ անոնց ընկերներուն ձեռամբ: Նախիջեւանը նոյնիսկ հայաթափուեցաւ:

Հայոց աշխարհէն մնացած տարածքին վրայ եօթանասուն տարիներ տիրեց բռնակալութիւնը: Ու հայութիւնը տեսաւ Բ. Աշխարհամարտ, տեսաւ կարմիր աքսոր` դէպի ճերմակ Սիպերիա:

Եօթանասուն տարիներ փոքրացած Հայաստանի հայութիւնը տոկաց, տոկաց Ցեղասպանութիւն  տեսած եւ աշխարհացրիւ դարձած սփիւռքահայութիւնը, սակայն իր սրտին մէջ անշէջ պահեց հայրենիք` անկախ հայրենիք տեսնելու կրակը, ու օր մըն ալ փուլ եկաւ կարմիր բռնակալութեան միջնաբերդ Խորհրդային Միութիւնը, եւ Հայաստան մուտք գործեց անկախութեան փապուղի: Փապուղի կ՛անուանեմ, որովհետեւ առաջին իսկ փուլէն Հայաստան ենթարկուեցաւ ահաւոր ու տնաքանդ երկրաշարժի մը (բնակա՞ն, թէ՞ արհեստական…): Իսկ արհեստածին բռնատիրական Ազրպէյճանի մէջ հայութիւնը ենթարկուեցաւ «փոկրոմի»` ցեղասպանութեան, վկայ` Սումկայիթի, Պաքուի, Գանձակի… ու այլ վայրերու մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնները, խժդժութիւններն ու հայաթափումը:

Ապա Թուրքիոյ թէ թուրքերու արեւելեան տեսակի վոհմակները ուղղուեցան Արցախ` զայն ալ նոյն ճակատագրին ենթարկելու: Ու տեղի ունեցաւ Արցախի գոյապայքարը, ապա ազատագրական պայքարը` ի գին բիւրաւոր նահատակներու:

Արցախի մարտնչումը նոր մայիս 28 էր, նոր Սարդարապատ էր ու նոր Վարդանանք: Այդ պայքարը ապրելու համար մարտիրոսանալ էր, երբ ոսոխը կ՛ուզէր «մեր հետքն իսկ ջնջել»: Կը յիշենք, չէ՞, Նախիջեւանի բազմահարիւր խաչքարերու ջարդը, օր ցերեկով, կոյր դարձած միջազգային ընտանիքին ու մեծամեծներուն աչքերուն առջեւ:

Այդ ազնիւ պայքարը, պանծալի պայքարը ունէր մէկ աղաղակ`

– ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՄ ՄԱՀ:

Ու յաղթեց հայրենիքը:

Անցան երեսուն տարիներ. երեք նախագահներ, առաւել` մէկ սիւփըր վարչապետ-նախագահ:

Այդ երեսուն եւ առաւել տարիներուն ընթացքին Հայաստան չյաջողեցաւ դառնալ ամենակարող հայրենիք: Զարգացաւ Հայաստանը, սակայն` ոչ այնքան, որ կարենար ինքզինք պաշտպանել, պարտադրել: Չկրցաւ գագաթներ նուաճել, կամայ թէ ակամայ, անգիտակցութեամբ թէ գիտակցութեամբ:

Ու այսօր ան` Հայաստանը մնացած է թրքական մուրճի եւ ազրպէյճանական սալի միջեւ, կամայ, գուցէ նաեւ` ակամայ: Ալ ի՞նչ խօսք միացեալ Հայաստան կերտելու երազին, գաղափարին մասին:

Եկաւ 2018-ի մռայլ իշխանափոխութիւնն ու հայրենաբնակ հայութեան մէկ կարեւոր զանգուածը  նետեց խոր թմբիրի մէջ: Բաժանարար գիծեր որդեգրուեցան (օրինակ` սեւ ու ճերմակ… եւ այլն): «Բաժնէ, որ տիրես» անգլիական նշանաւոր քաղաքական ոճը, կամ ամերիկեան տարբերակը` «շինի՛չ քաոս»:

Այսօր վտանգուած է ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ` իր աչքերը հայրենիք սեւեռած համայն հայութիւնը:

Այստեղ չեմ փափաքիր վերաբորբոքել Արցախի 44-օրեայ պատերազմի` աւելի քան հինգ հազար նահատակներու, տասնեակ հազար վիրաւորներու, մեր տարածքներու կորուստի… տեսակաւոր վէրքերը, որոնք սպիանալու նշոյլ իսկ ցոյց չեն տար:

Չեմ փափաքիր արծարծել Արցախի կորուստը եւ հայաթափումը:

Սակայն հայու արժանապատիւ բնազդս կը մղէ ուղղելու շատ պարզ հարցադրում մը.

– Արդեօք չէ՞ հասած նոր Վարդանանք, նոր մայիս 28, սարդարապատներ կերտելու պահը` ներքին թէ արտաքին ոսոխներուն դէմ:

Տիւ ու գիշեր կը լսենք Տաւուշի ու անոր գիւղերուն թշնամիին յանձնելու գործընթացին մասին: Որքա՞ն նմանութիւն կայ Տաւուշի եւ Նախիջեւանի միջեւ: Նախորդ դարուն, Նախիջեւանն ու Արցախը թաթարներուն յանձնելու արարքը` պոլշեւիկ հայանուններու ձեռամբ, որքա՞ն նման է մերօրեայ Արցախի ու Տաւուշի օրինակներուն:

Իսկ այսօր այդ մէկը յաջողցնելու համար ականջալուր կ՛ըլլանք տեսակ-տեսակ մտացածին փաստարկումներու` «ապլակաթութիւններուն» (փաստարկումներու` Ռուբէն Տէր Մինասեանի բառերով). այդ յերիւրանքներուն հեղինակները նոյնիսկ իրենք չեն հաւատար իրենց «ուղեղի փայլատակումներուն»:

Տաւուշի գիւղերը յանձնելու քայլը կարծես դանակը հասցուցած ըլլայ ոսկորին. ծնաւ եղածը մերժելու նոր շարժումը, եւ այդ պայքարը կը յիշեցնէ Սարդարապատի նախօրէին ժողովրդային կամքի արտայայտութեան օրինակը: Այդ սկիզբը գալիք օրերուն պիտի հասնի՞ համաժողովրդային ցասումի, դիմադրութեան եւ պայքարի մակարդակին` կարենալով Հայաստանը տանիլ դէպի գերիշխան, արժանապատիւ, ազգային լիցք ունեցող դարաշրջանի մը:

Արդեօք պիտի յայտնաբերուի՞ նոր Արամ Մանուկեան մը, նոր Գարեգին եպս. Յովսէփեանց մը…

Բանաստեղծը իրաւացիօրէն ըսած է.

«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…»:

Փա՜ռք Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդի ծիներուն մէջ տակաւին կայ «խենթեր» ծնելու իւրայատուկ ծինը, մահէն` յարութիւն ստեղծելու ծինը:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր «խենթերուն» անցեալի` պատմութեան, թէ գալիքի «խենթերուն»:

22 մայիս 2024
Քեսապ

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմաններու Ընդարձակման Եւ Կրճատման Պատմական Հոլովոյթը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Այսօր Մեր Տօնն Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.