Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի Բ. դասակարգի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան իրենց առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ դժուար մրցում մը ունեցաւ Սփորթինկ Պքեննայա խումբին դէմ եւ 33-77 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Մրցակից խումբը շատ լաւ խումբ մը կազմած է եւ կը պայքարի բարձրանալու Ա. դասակարգ: Ան իր կազմին մէջ ունի ազգային խումբի նախկին մարզիկներ Նիսրին Տանտան (47 տարեկան) եւ Նուր Շուքէյր (39 տարեկան), ինչպէս նաեւ Հեպա Քեսրուանի եւ այլ մարզիկներ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կարգին բաւական լաւ խումբ մըն է, որ սակայն փորձառութեան պակաս ունի եւ մեծամասնութեամբ երիտասարդ տարրերէ կը բաղկանայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները երկուշաբթի օր ժամը 20:30-ին պիտի կատարեն իրենց 2-րդ մրցումը (Ա. խմբակին մէջ)` Աուֆիյաա Ռիատիի դէմ, Ժնահ շրջանի Ռիատի ակումբի ակադեմիայի դաշտին վրայ:
Սփորթինկ Պքեննայա, որ իր մրցումները կը կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, պիտի հիւրընկալէ Մութթահետը յառաջիկայ ուրբաթ:


