Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա երէկ կոչ ուղղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յստակացնելու, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ ո՛ր պետութիւնները, ըստ անոր, 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ աջակցած են Ազրպէյճանին:
«Անկեղծ ըսած` ես հետաքրքրուած եմ, թէ յատկապէս ո՛ր երկիրներուն մասին կը խօսի Հայաստանի վարչապետը: Ի՞նչ է, մենք ինքնե՞րս պէտք է կռահենք, թէ՞ մեզի յետոյ պիտի պատմեն», նշած է Զախարովա` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ եթէ խօսքը նման լուրջ յայտարարութիւններու մասին է, ապա տրամաբանական պիտի ըլլար, որ [այդ երկիրները] նշուէին»:
Զախարովա երէկ անգամ մը եւս պնդած է, որ Ռուսիան կատարած է կարելին, որ «Հայաստանը ինքզինք լքուած եւ մոռցուած չզգայ»:
Նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր, որ ինք գիտէ ՀԱՊԿ-ի անդամ առնուազն երկու երկիր, որոնք մասնակցած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի նախապատրաստութեան:
«Այդ պատերազմի նպատակը եղած է Հայաստանի անկախ պետութեան չգոյութիւնը», աւելցուցած էր ան:
Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները սրած են յատկապէս սեպտեմբեր 2022-ին Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք: Հակառակ Երեւանի պահանջներուն` ՀԱՊԿ-ը մինչեւ օրս չէ դատապարտած դաշինքի անդամ Հայաստանի վրայ կատարուած այդ յարձակումը եւ չէ արձանագրած, որ Ազրպէյճանը Հայաստանէն տարածքներ բռնագրաւած է:
Կազմակերպութեան կ՛անդամակցին Հայաստանը, Պիելոռուսիան, Ռուսիան, Ղազախստանը, խըրխըզիստանը եւ Տաճիկիստանը:


