Գերիներու ազատ արձակումը նախապայման է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, ասիկա մեզի համար յստակ է: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց Լիւքսամպուրկի Մեծ դքսութեան պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոտ Վիզլերը` Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
«Մէկ տարուան ընթացքին ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է Հայաստան, որ աննախադէպ բան է: Առաջին անգամ ես այստեղ էի իբրեւ Լիւքսամպուրկի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ, սակայն այն պահէն, երբ ես դարձայ պալատի նախագահ, ես ըսի` պէտք է վերադառնամ: Զիս ատոր դրդեցին վերջին ամիսներու ընթացքին այս շրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Ասիկա ցոյց կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիւքսամպուրկի յարաբերութիւններու զարգացումը: Ունինք շատ աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն», ըսաւ ան:
Վիզլեր յայտարարեց, որ Հայաստանը Լիւքսամպուրկի ամբողջական աջակցութիւնը ունի, իր ժողովրդավարութեան անցման ճամբուն վրայ: Ան ողջունեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը:
«Մենք Լիւքսամպուրկի խորհրդարանին մէջ յաճախ կը խօսինք Հայաստանի, այստեղ տիրող կացութեան մասին, սակայն կայ մէկ առանձնայատկութիւն` բոլոր միջնորդութիւններն ու բանաձեւերը, որոնք մենք ընդունած ենք Լիւքսամպուրկի խորհրդարանին մէջ, բոլորը միաձայն ընդունուած են: Ասիկա կը նշանակէ, որ ձախակողմեան եւ աջակողմեան կողմերը` բոլոր խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւնները միաձայն են Հայաստանի առնչուած հարցերուն մէջ: 2015 թուականին, երբ մենք քուէարկեցինք ի նպաստ այն բանաձեւին, որ կը ճանչնար 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցոյց տուաւ, որ այս հարցին մէջ ալ միաձայն ենք, 2020 թուականին միջնորդութիւններու համար քուէարկեցինք:
«Մենք պիտի շարունակենք մեր ներգրաւուածութիւնը Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան համար, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի հարցին մէջ մենք կ՛աջակցինք խաղաղութեան հաստատման եւ համոզուած ենք` գերիներու ազատումը նախապայման է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, ասիկա շատ յստակ է մեզի համար», ընդգծեց Վիզլեր:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբը քննադատած է Լիւքսամպուրկի պալատին որդեգրած` Հայաստանին նպաստող բանաձեւը` պնդելով, որ անիկա միջամտութիւն է Ազրպէյճանի ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Պաքուէն հնչող այս մեղադրանքները, ան ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, որ պէտք չէ մեկնաբանեմ որեւէ դատապարտութիւն:
«Լիւքսամպուրկի խորհրդարանին մէջ մենք մեր աշխատանքը կ՛ընենք եւ եթէ բան մը ունինք ըսելու, մենք ատիկա կ՛ըսենք ու կ՛ընենք: Մեր այդ ըսածը մենք ըրած ենք: Հայաստանի հարցով մենք ունինք յստակ դիրքորոշում, եւ չկայ ոեւէ մէկը, որ մեզ ետ կանգնեցնէ»:
Ազրպէյճան Դատապարտեց
Վիզլերի Յայտարարութիւնները
Ազրպէյճանի խորհրդարանը դատապարտեց Երեւանի մէջ Վիզլերի կատարած յայտարարութիւնները` պնդելով, որ «միջամտութեան փորձերը նպատակ ունին խաթարել խաղաղութեան գործընթացի յաջող ձեռքբերումները»:
«Երեւի Լիւքսամպուրկի ներկայացուցիչները իրենց օրէնսդրութեան մէջ ֆրանսերէնը հիմնական լեզու սահմանելով, չափազանց տարուած են հարաւկովկասեան շրջանի նկատմամբ «ֆրանսական ոճ»-ի մօտեցումով: Անոնք չեն խուսափիր կամայականօրէն խեղաթիւրել շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ նոյնիսկ ինչ-որ պահանջներ կը ներկայացնեն Ազրպէյճանին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Դիմելով հայկական կողմին` Ազրպէյճանի խորհրդարանականները «յիշեցուցին». «Շրջանէն դուրս գտնուող երրորդ երկիրներու կողմէ շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ միակողմանի մօտեցումներուն, յերիւրանքներուն ու սուտերուն ծափահարելն ու աջակցիլը օգուտ կը բերէ ո՛չ խաղաղ գործընթացին, ո՛չ ալ վստահութեան ամրապնդման միտող քայլերուն»:


