Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ – Քայրի Զոյգը 63 Կէտ Նշանակեց Եւ Տալաս Յաղթեց

May 24, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի Արեւմտեան շրջանի աւարտականի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ Մինիափոլիսի մէջ, ուր Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 105-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մեւրիքսէն:

Լուքա Տոնչիչ իր 33 կէտերէն 15-ը նշանակեց 4-րդ մասին, մինչ Քայրի Ըրվինկ իր 30 կէտերէն 24-ը նշանակեց առաջին կիսախաղին:

«Մեզի մօտ պահեց: Առանց իրեն հաւանաբար 20 կէտով ետ կը մնայինք մինչեւ կիսախաղ: Քիչ մը իրեն օգնեցի երկրորդ կիսախաղին, ձեւով մը փոխուեցան մեր դիրքերը», ըսաւ Լուքա` Ըրվինկի մասին:

Մինեսոթա 2 օր դադար ունէր` ախոյեան Տենվըրին յաղթելէ ետք, ուր պատմութիւն կերտած էր 20 կէտով ետ մնալէ ետք` պարտութեան մատնելով Նիքոլա Եոքիչը եւ ընկերները, սակայն Տալասի փիք էն ռոլով խաղին դէմ դժուար եղաւ:

Տալաս, որ 102-98 արդիւնքով ետ կը մնար Անթոնի Էտուըրտծի 3 կէտնոց կողովէն ետք, 8 յաջորդական կէտեր նշանակեց վերջին 3 վայրկեաններուն, եւ առաջին անգամ ըլլալով մարզիչ Ճէյսըն Քիտի խումբը (6 փորձերէ ետք) փլէյ օֆի ճակատումներու առաջին մրցումը յաղթեց:

Ճէյտըն Մաքտենիըլզ իր յաջորդական 3-րդ մրցումը ըլլալով 20-է աւելի կէտեր նշանակեց (24 կէտ) ի նպաստ Վուլվզի, բայց Էտուըրտծ, որ առաջին անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն երկրորդ խումբէն, 19 կէտ կրցաւ նշանակել միայն: Քարլ Անթոնի Թաունզ վերջին մասին կէտեր նշանակելով կրցաւ հասնիլ 16 կէտի:

Աստղերու ուժը շատ էր այս ճակատումներուն, եւ առաջին մրցումին Մեւրիքս կրցաւ սպասուած արդիւնքը ստանալ իր զոյգէն, մինչ Մինեսոթա դժուարութիւն ունեցաւ կէտեր նշանակելու:

«Սոսկալի յարձակողական… Ձախող հարուածներ, շատ թըրն օվըր, աննպատակ պասքեթպոլ: Պէտք է աւելի վճռական ըլլանք վերջին որոշումներուն իրականացման գծով», ըսաւ Քրիս Ֆինչ (Մինեսոթայի մարզիչ):

Թաունզ քիչ մը «շունչ» առաւ 3 կէտնոց կողովէ մը ետք, ապա Լոպ` Ռուտի Կոպերի, որ տանք մը նշանակեց եւ 3 կէտնոց այլ կողով մը, 2 վայրկեան տեւած ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, ուր Թիմպըրվուլվզ 10-0 արդիւնքով կէտեր նշանակեց մրցումի աւարտէն 4:39 վայրկեան առաջ, սակայն Տոնչիչ 3 կէտ նշանակեց եւ կասեցուց Մինեսոթայի յառաջխաղացքը:

Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն, որ 13 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, 3 այլ կէտեր նշանակեց` առաջ տանելով Տալասը անգամ մը եւս, մրցումի աւարտէն 1:56 վայրկեան առաջ:

Կրնանք ըսել, որ բաւական հաւասարակշռուած մրցում մըն էր, բայց եթէ «Լուքա-Քայ» զոյգը քիչ մը նուազ արդիւնք տայ, եւ Մինեսոթա քիչ մը աւելի լաւ տոկոսով հարուածէ, վերջինս շատ աւելի առաւելութիւն կրնայ ունենալ յաջորդող ճակատումին, որ անգամ մը եւս տեղի պիտի ունենայ «Թարկեթ Սենթըր»-ին մէջ, Մինիափոլիս:

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ Յաղթանակով Վերադարձաւ

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Պայեր Լեւերքուզընի Յաղթական Երթը Վերջ Գտաւ Աթալանթայի Դէմ (0-3)

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.