Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ Պըն Սալմանի հետ, որուն հետ քննարկեց Կազայի մէջ տիրող մարդկային աղէտալի իրավիճակը:
Հաղորդակցութեան ընթացքին զոյգ ղեկավարները հաստատեցին, որ կը մերժեն Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան յարձակումները` հաստատելով, որ Կազայի մէջ անմիջական եւ մնայուն զինադուլ պէտք է յայտարարուի, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր Էլիզէի պալատէն:
Մաքրոն եւ Պըն Սալման հաստատեցին նաեւ, որ Լիբանան պէտք է դուրս գայ քաղաքական տագնապէն եւ ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կարող է երկիրը ղեկավարելու` պէտք եղած բոլոր բարեկարգումները գործադրելով:
Անոնք շեշտեցին, որ իրենց ջանքերը պիտի շարունակեն այս իմաստով Լիբանանին օժանդակելու:
Անոնք ընդգծեցին սէուտական-ֆրանսական երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Մաքրոն շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին:


