Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր Հարաւային Լիբանանի Քֆարտաժալ-Նապաթիէ ճամբուն վրայ երէկ առաւօտեան ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին ինքնաշարժ մը` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ:
Այդ ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուեցան նաեւ երեք աշակերտներ, որոնց փոխադրող մինիվանը իր կարգին տուժեց, այդ պահուն նոյն շրջանէն անցնելու պատճառով:
Իսրայէլեան ռմբակոծումին հարուածած ինքնաշարժը տեղւոյն վրայ հրկիզուեցաւ:
Դէպքին վայրը փութացին Իսլամական առողջապահական խորհուրդի Ռիսալա շտապ օգնութեան փրկարարները: Անոնք մարեցին հրդեհը եւ վիրաւորները փոխադրեցին հիւանդանոց:
Ի պատասխան Նապաթիէի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին, երէկ կէսօրուան ժամը 12:19-ին, Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան բանակի թիւ 91 զօրամասին դիրքը Էլիթ բնակեցման վայրին մէջ:


