Չորեքշաբթի գիշեր Աթալանթայի ծայրի յառաջապահ Արեմոլա Լուքման անզսպելի էր, եւ Պայեր Լեւերքուզընի անկարելի երազը ամբողջացնելու յոյսերը ջուրը ինկան:
Լուքման Աթալանթայի հերոսն էր` նշանակելով 3 անպատասխան կոլեր: Քիչեր կը յուսային, որ Լեւերքուզըն պարտուի, մանաւանդ որ մարզիչ Չապի Ալոնսոյի խումբը շատ գեղեցիկ ֆութպոլ կը ցուցաբերէր, եւ 52-րդ մրցումին կրեց պարտութիւն մը, որ նոյն ձեւով պատահած էր Լիվըրփուլի հետ, քառորդ աւարտականին:
Լուքման` Լոնտոն ծնած նիկերիացի ֆութպոլիստը, Լեւերքուզընի մեծ սխալներէն օգտուեցաւ, նշանակելով 2 կոլ մրցումի առաջին 26 վայրկեաններուն, մինչ Լեւերքուզըն չկրցաւ բնական ֆութպոլ խաղալ:
Հետաքրքրական էր, որ լաւ կազմակերպուած ակումբ մը պզտիկ քաղաքի մը` Պերկամոյի շրջանէն, սահմանափակ նիւթական կարողութիւններով, հաւատարիմ մարզիչով, իր առաջին բարձր մակարդակի տիտղոսը կը շահէր:
Սակայն Աթալանթա ստիպուեցաւ առնել վատ դեր այդ խումբին դէմ, որ եւրոպական ֆութպոլի մրցանիշ կը հաստատէր:
Լեւերքուզընի մարզիչ Չապի Ալոնսօ այժմ պէտք է փորձէ մարզիկներուն տրամադրութիւնը բարձրացնել շաբաթ օրուան (վաղը) բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին համար` Բ. դասակարգի Քայզըրսլաութըրն խումբին դէմ, Պերլինի մէջ:


