Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կ՛ողջունէ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Միջոցառումները` Ապօրինի Կերպով Բնակող Սուրիացիներուն Դէմ

May 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին բարձր գնահատուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան որդեգրած ապահովական միջոցառումները` Լիբանանի մէջ ապօրինի բնակութիւն հաստատած սուրիացիներուն դէմ` հաստատելով, որ համախմբումը կը մերժէ ապօրինի կերպով Լիբանանի մէջ սուրիացիները պահող բոլոր ջանքերը:

Այս շրջագիծին մէջ համախմբումը մերժեց Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերով

ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Այւօ Վրայսընի վարուելակերպը, որ հիմնականին մէջ կը կեդրոնանայ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող տեղեկութիւնները Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան չփոխանցելուն վրայ:

Համախմբումը գնահատեց այս իմաստով արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի քայլը:

Համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումի նիստին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնուած է նախագահական դատարկութեան իրականութեան մասին` նկատի ունենալով լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ պետական կառոյցներուն վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ նախագահական դատարկութիւնը իր վատ անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վրայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին աշխատանքներն ու քայլերը կը մնան ապարդիւն, եթէ լիբանանցի երեսփոխանները չընդառաջեն այդ քայլերուն:

Համախմբումին անունով ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մահուան առիթով:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլա – Իսրայէլ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Պըրրի Մեկնեցաւ Թեհրան` Ցաւակցութիւն Յայտնելու Ռայիսիի Եւ Ապտոլլահեանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.