Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցինք ԼՕԽ-ի Նիւթական Կռուանի Հզօրացման

May 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԻ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Կեանքէն մեզի ի՞նչ կը մնայ,
ինչ որ կու տանք ուրիշին, կը վերադառնայ անուշցած,
Ու զօրացած` կը մնայ իւրաքանչիւր հայու
եւ հայուհիի հոգիին մէջ:

Հայ ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան շնորհիւ ԼՕԽ-ականը ծառայութեան եւ նուիրումի ճամբով տուաւ եւ կու տայ հայ աշակերտին, հայ մամիկին, հայ հիւանդին, հայ երիտասարդին, հայ հօրն ու մօրը եւ ստացաւ ու կը ստանայ անոր աղօթքը, երախտագիտութիւնն ու օրհնութիւնը:

«Ծոմապահութեան օր»-ը, «Պնակ մը կերակուր»-ի օրը, «ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օր»-ը ԼՕԽ-ի ճամբով մեր ժողովուրդին ծառայելու ՕՐՆ է բոլորի՛ս համար:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի ծանր օրերուն, ուսումնական օժանդակութեան ծրագիրի յաջողութենէն ետք, հայ աշակերտին միտքը պայծառ պահելու համար մարմնի առողջութիւնը անհրաժեշտ նկատելով, 31 մարտ 1939-ին, Կիլիկիոյ վեհափառ Սահակ Բ. կաթողիկոս թիւ 2309/250 կոնդակով, Աւագ Ուրբաթ օրը յայտարարելով «Ծոմապահութեան օր», կ՛արտօնէ ԼՕԽ-ի ի նպաստ ժողովրդային հանգանակութեան` յանձնարարելով, որ «Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները չզլանան իրենց օգնութիւնը»:

1932-ին սկսած ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն 4-օրեայ «Պնակ մը տաք ճաշ»-ի դրութիւնը մեծ յաջողութեամբ կը շարունակուի մինչեւ 1974 թուական: Զանազան փուլերու` 1944-ին 750 աշակերտ եւ 70 ծերունի ու այրի, 1951-ին 800 աշակերտ, 1973-ին 450 աշակերտի թուական տուեալները լաւագոյն գնահատանքն են ԼՕԽ-ի ձեռնարկած այս հսկայական աշխատանքին, զոհաբերութեան եւ նիւթական զոհողութեան:

Ու վստահաբար այդ փուլին ապրողներու ականատեսի վկայութիւնները լաւագոյն գնահատանքն են այդ ՄԵԾ ԳՈՐԾին:

Արդարեւ, ՀՕՄ-ի պարբերաթերթի էջերուն մէջ Նոր Մարաշի Հայ ազգային երկսեռ վարժարանի տնօրէն Սեդրակ Զաւէն կը յայտարարէ. «Ամէն գնով պէտք է զօրավիգ կանգնինք Օգնութեան խաչի այդ ազգակերտ ձեռնարկին», ու կը հաստատէ. «Պնա՜կ մը կերակուր… իրականին մէջ կերակուր է աւելի ազգին սիրտն է, որ հոն դրուած է ու այդ սրտովն է, որ կը հաղորդուին բազմահարիւր հայորդիներ»… «Ազգին ըրած դրամական զոհողութիւնը նորահաս սերունդին մէջ արեան, միսի ու ոսկորի` դիմադրական ուժի վերածուած` վերստին ազգին կը վերադարձուի բաղադրեալ տոկոսով միասին»… «Ապագան առողջ ու կենսունակ ազգերուն է եւ գոյատեւելու առաջնակարգ պայմանն ալ` լաւ սննդառումն է»… «Ուրեմն ամէն կերպով պէտք է զօրավիգ կանգնիլ անոր այս ազգակերտ ձեռնարկին ու առաւելագոյն չափով մասնակցիլ «Պնակ մը կերակուր»-ի առթիւ բացուած հանգանակութեան»:

Հակառակ կեանքի դժուարին պայմաններուն, մտայնութիւններու փոփոխութեան, քաղաքական ու տնտեսական երկարատեւ եւ յամեցող տագնապներուն, «ԼՕԽ-ի օր»-ը կամ «Հանգանակութեան օր»-ը անհրաժեշտութիւն է այսօր եւ անհրաժեշտութիւն պիտի մնայ միշտ, որովհետեւ ան սովորութիւն մը կամ աւանդութիւն դարձած ձեռնարկ մը չէ, այլ իր մէջ կ՛ամփոփէ ազատատենչ հայ ժողովուրդի ընկերային մտածելակերպը, մշակութային դաստիարակութիւնը, տառապանքն ու տագնապը, հայու արժանապատուութիւնը, գոյատեւելու պայքարը, իր իւրայատկութիւնը պահելու մարտահրաւէրը, զարգացած ըլլալու իրաւունքը, որ պիտի մնայ իւրաքանչիւր հայու ամէնօրեայ, ամէն վայրկեանուան ապրում, ամբողջական ներդրում ու անսակարկ նուիրում, որ կարելի է իրագործել նպաստելով հայ հաւաքականութեան պահպանումի լծակներէն ԼՕԽ-ի նպատակներուն գործնական իրականացման:

Եւ որպէսզի ԼՕԽ-ը կարողանայ քայլ պահել զարգացող ընկերային, առողջապահական թէ կրթական մտածողութեան ու գործելաձեւին հետ, անհրաժեշտ է, որ զինուած ըլլայ նիւթական ամուր կռուանով:

Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր բոլորս պէտք է պարտաւորութիւն, պարտականութիւն եւ իրաւունք համարենք մեր բաժինը բերել ԼՕԽ-ի նիւթական կռուանի հզօրացման` տալով մեր լաւագոյնը, մեր կարելիութեան ու կարողութեան առաւելագոյնը, նմանելով Աստուածաշունչի իր վերջին լուման իր բախտակիցին տուող «աղքատ այրի կնոջ», որովհետեւ այդ լումաները` մեր ընկերուհիներու անխոնջ ու անսակարկ աշխատանքի քրտինքով շաղախուած, պիտի բազմապատկուին ու վերադառնան հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակին եւ պարգեւեն անոր բարօր կեանք ու զարգացում:

Տալու ուրախութիւնը անսահմանօրէն կը լիացնէ մեր հոգին, երբ ամէն օր կը վայելենք դպրոցական պատանիին շրթներուն ուսում ստանալու գոհունակութեան ժպիտը, առողջ սնունդ ստացող ծերունիին դէմքին կայտառութիւնը եւ հիւանդին պարգեւուած ֆիզիքական հանգստութիւնը:

Ուրախութեամբ կրնանք հաստատել, որ մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով միշտ գնահատած է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Հանգանակութեան օր»-ի ձեռնարկը եւ լիաբուռն նուիրատուութեամբ ինքնաբաւ դարձուցած է «Պնակ մը կերակուր»-ի ազգային սեղանը:

Կասկած չունիմ, որ ամէն տարուան նման հպարտօրէն եւ հրճուանք պատճառող պատկերը պիտի կրկնուի, եւ մեր ժողովուրդի զաւակները` հաւատարիմ ՀՕՄ-ի-ԼՕԽ-ի «Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» բնաբանին, իրենց նիւթական նուէրներով պիտի լեցնեն ԼՕԽ-ի օրհնուած գանձանակը:

Յաջողութիւն բոլորիս:

 

 

 

 

Նախորդը

Նուիրատուութիւններու Պատճառով Վատիկան Դարձած Է Ազրպէյճանի Կողմը

Յաջորդը

Քարլ-Հայնց Շնելինկըր Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.