Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահուի Եւ Սընուարի Դէմ Միջազգային Քրէական Դատարանի Դատախազի Պահանջին Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

May 22, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խանի` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը պատերազմական ոճիրներ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելնուն համար ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակելու «ամօթալի» պահանջը: «Յստակ պիտի ըլլամ, անկախ անկէ, թէ այս դատախազին քայլերը ինչ կը պարունակեն, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ բացարձակապէս հաւասարութիւն չկայ», ըսաւ Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազի իսրայէլացի պաշտօնատարներու եւ Համասէն պաշտօնատարներու ձերբակալման հրամանագիր հրապարակելու պահանջը»: Ան նաեւ շեշտեց. «Մենք կը մերժենք դատախազի` Իսրայէլն ու Համասը նոյն նժարին վրայ դնելը»:

Ան զգուշացուց, որ այդպիսի հրամանագիրի մը հրապարակումը «թերեւս կ՛ականահարէ Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, գերիներու փոխանակում կատարելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու համաձայնութեան հասնելու համար թափուող ջանքերը»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Ուքրանիոյ հարցին շուրջ գործակցիլ Միջազգային քրէական դատարանին հետ, հակառակ իսրայէլացի պաշտօնատարներու դէմ ձերբակալման հրամանագիրներու հրապարակման պահանջին»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Միեւնոյն ժամանակ Համասի շարժումի ղեկավարներուն դէմ եւ Իսրայէլի պաշտօնատարներուն դէմ ձերբակալման հրամանագիրներ հրապարակելը երկու կողմերուն միջեւ հաւասարութեան կեղծ տպաւորութիւն ստեղծեց»: Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է յարգել Միջազգային քրէական դատարանի «անկախութիւնը»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Ֆրանսան կը զօրակցի Միջազգային քրէական դատարանին, անոր անկախութեան եւ բոլոր պարագաներուն հաշուետուութենէ փախուստ տալու դէմ պայքարին»:

Նախարարութիւնը դատապարտեց «7 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ իր յարձակումին ընթացքին Համասի գործած հակասեմական ջարդերը եւ անոնց ընթացքին արձանագրուած չարչարանքներն ու սեռային բռնութիւնը»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ զգուշացուց Իսրայէլը, որ պէտք է խիստ կերպով յարգէ միջազգային մարդասիրական օրէնքը, մասնաւորաբար Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու անընդունելու մակարդակը եւ բաւարար ձեւով միջազգային օժանդակութիւններու չհասնիլը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Միջազգային քրէական դատարանը անկախ միջազգային հաստատութիւն է»: Ան աւելցուց. «Անոր հիմնական կանոնադրութիւնը վաւերացուցած երկիրները անոր որոշումները գործադրելու պարտաւորութեան տակ են»:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Համասն ու Իսրայէլը նոյն նժարին վրայ դնելը բացարձակապէս անընդունելի է»` նշելով. «Պէտք է զգուշ ըլլալ Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական կեցուածքները օրինականացնելէ, ինչ որ կրնայ հակասեմականութեան երեւոյթը խթանել»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Միջազգային քրէական դատարանը «պահպանէ իր առարկայական ու անկողմնակալ դիրքորոշումը, եւ իր լիազօրութիւնները կիրարկէ օրէնքին համահունչ»: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց վերջ տալու «պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ հաւաքական պատիժը»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իրենք միջազգային քրէական դատարանի որոշումը չեն կանխեր, «որովհետեւ մենք Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան մաս չենք կազմեր»:

«Հռոմի կանոնադրութեան մաս չենք կազմեր, սակայն յանձնառու ենք միջազգային ընտանիքին մէջ մեր դերակատարութեան», ըսաւ ան:

Նախորդը

Մաքրոն Նոր Քալետոնիա Մեկնեցաւ

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Կալանթ Եւ Հալեւի Սալիվընին Ներկայացուցին Համասը Պարտութեան Մատնելու Այլընտրանքները»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.