Հայաստանի ազգային խումբի եւ Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսակիր Սլովան Պրաթիսլաւայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան ընտրուեցաւ Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն հաւաքականի անդամ:
Հայ ֆութպոլիստը 13 կոլ նշանակած է 32 մրցումներու ընթացքին` կատարելով 11 էսիսթ (կոլի փոխանցում): Այս ցուցանիշերով ան ամէնէն արդիւնաւէտ ֆութպոլիստներէն մէկն է ախոյեանութեան: Ան կոլ-սքորըրներու առաջին դիրքը կը գրաւէ այլ ֆութպոլիստներու հետ, որոնք սակայն նոյնքան էսիսթ չեն կատարած:


