Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն

May 21, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը փառաւոր հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը, 9 մայիս 2024-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Մարալ Հարպոյեան, ապա ցուցադրուեցաւ կարճ վաւերագրական տեսանիւթ մը (հեղինակ` Վարդան Թաշճեան, վիտէօ-պատրաստութիւն` Սիմոն Հալլաճեան), որ հակիրճ  կերպով կը ներկայացնէ Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան, անցած ճամբուն եւ վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն:

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցիչներէն Էտիպ Ժեմայէլ:

Հանդիսութեան բանախօսն էր Մեսրոպեանի շրջանաւարտ, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Վարդան ծ. վրդ. Գազանճեան, որ Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հրաւէրով յատկապէս այս հանդիսութեան համար Պոլիսէն եկած էր Պէյրութ:

Հայր Գազանճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Մեսրոպեանի անցած ուղին գիտականօրէն արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը` որպէս առաւել կայուն յառաջընթացի կարեւոր պայման: Ան վերլուծեց վարժարանի նկարագիրը` իբրեւ լիբանանեան, հայկական, սփիւռքեան եւ կաթողիկէ հաստատութիւն, եւ ապա ներկայացուց շարք մը առաջարկներ` դպրոցի կազմակերպական դրութեան ամրապնդման եւ կրթական ծրագիրներու հարստացման վերաբերեալ- շեշտելով, որ հայ դպրոցը ինքն իր մէջ նպատակ չէ, այլ պատասխան է հայուն ներկայ պահանջներուն:

Այս առիթով իր խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ` մեծարելով վարժարանի հիմնադիրներուն եւ նախկին պատասխանատուներուն ներդրումը 85-ամեայ վարժարանի կայացման մէջ, վերահաստատելով անոնց աւանդին ու հաւատամքին հաւատարիմ մնալու եւ Լիբանանի հայ սերունդներուն լաւագոյն կրթութիւնը մատուցելու խոստումին:

Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ վարչական անձնակազմի անդամներուն` Կ. Գալուստ ըսաւ. «Եկէք` անգամ մը եւս հաստատենք մեր յանձնառութիւնը այն վեհ գործին, որուն համար հիմնադրուեցաւ Մեսրոպեանը: Եկէք` յարգենք մեր նախնիներուն զոհողութիւնները` հիմնուելով անոնց ժառանգութեան վրայ եւ ձգտելով նուաճումներու ա՛լ աւելի մեծ բարձունքներու: Եկէք` միասին եւ նոր աւիւնով շարունակենք յառաջընթացի այս ճամբորդութիւնը` առաջնորդուելով մարդկային, հոգեւոր եւ ազգային մեր անխախտ սկզբունքներով»:

1982 թուականի Մեսրոպեանի աւարտական եւ 1986-ի Սուրբ Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբի խմբապետ Մեսրոպ Քենտիրճեան ներկայացուց վկայութիւն մը` վերապրելով իր յուշերն ու տպաւորութիւնները աշակերտական եւ սկաուտական անցեալէն: «Յարգա՜նք` անցեալի ու ներկայի բազմավաստակ մշակներուն, որոնք կեա՛նք տուին ու կը շարունակեն իրենց կեանքը տալ, կեանքին համար այս օրհնեալ ու օրհնաբեր հայադրոշմ եւ հայաշէն զոյգ հաստատութիւններուն` Մեսրոպեան վարժարանին եւ Սուրբ Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբին», եզրափակեց Քենտիրճեան:

Հանդիսութեան հրապարակուեցաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին օրհնութեան գիրը, զոր կարդաց Սուրբ Փրկիչ  եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեան:

Օրհնութեան գիրին մէջ հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Մեր հայրական գորովը եւ խնամքն այսուհետեւ ալ պիտի չպակսին Մեր սրտին մօտ այս ներկայաշէն եւ ապագայակերտ կրթամշակութային կառոյցէն, ինչպէս նաեւ կը վստահեցնենք Մեր աղօթքը` Մեր վարժարանին աննահանջ գոյերթին ի խնդիր: Արդ, հայրական սիրով ու խանդաղատանքով Մեր հայրապետական օրհնութիւնը կը բաշխենք տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան, պաշտօնէութեան եւ տօնական հանդիսականերուն»:

Արժեւորումը կատարելէ ետք վարժարանի հիմնադիր հայրերու տեսլականին, պատրիարքը յորդորեց ուսուցիչները` փայփայելու իրենց աշակերտները եւ անձնուիրաբար կատարելու իրենց պաշտօնը` օրինակ ունենալով մեր Աստուածային Վարդապետը` Յիսուս Քրիստոսը, եւ զանոնք դաստիարակել առաքելաջան սիրով ու բարի օրինակով: Հոգեւոր տէրը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ըսաւ. «Հետեւեցէ՛ք ձեր ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն, ինչպէս ալ միշտ ականջալուր եւ ուշիմ եղէ՛ք, որովհետեւ անոնց ու մեր դիտաւորութիւնը միայն ձեր օգտին եւ մեր ազգին բարօրութեան համար է»:

Մեսրոպեանի 85-ամեակին առիթով վարժարանի տնօրէնութիւնը պարգեւատրեց 20 եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող անձնակազմի 19 անդամներ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Մեսրոպի արիներ սկաուտական խումբի նախկին աւագ խմբապետ Ժագլին Ապունայեանը` իր երկարամեայ ծառայութեան համար: Այս առիթով հոգեւոր տէրը մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի անձնակազմին նուիրուած աշխատանքն ու զոհողութիւնները, յատկապէս` վերջին հինգ տարիներուն, որոնք յատկանշուեցան Լիբանանի մէջ աննախադէպ ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններով:

Այս առիթով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը շնորհեց վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին` մեծագոյն գնահատանք եւ երախտագիտութիւն յայտնելով անոր Մեսրոպեանի առաքելութիւնը ձեռնհասութեամբ շարունակելուն եւ վարժարանի կրթական յառաջընթացը ղեկավարելուն համար 2001 թուականէն ի վեր:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի նորակազմ «Բամբիռ» աշակերտական նուագախումբը` խմբավարութեամբ Վիգէն Չալեանի եւ պարի ընկերակցութեամբ Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Վանայ Սէֆէրեանի: Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց «Մեսրոպեան երգ»-ը ( խօսքը` Վարդան Թաշճեանի, երաժշտութիւնը եւ գործիքաւորումը` Սեդօ Պաղտասարեանի), խմբավարութեամբ Քլարա Ադամեանի: Երգի մենակատարներն էին Մեսրոպեանի աշակերտներ Քրիսթոֆըր Մարտիրոսեանը եւ Մարիա Ճեսիքա Խաշոլեանը: Երգին ընթացքին ասմունքեցին աշակերտուհի Մէյրի Էքմեքճեանը եւ խմբավարուհի տիկին Ադամեան: Մեսրոպեանի շրջանաւարտներ Նանօր Առնէլեան (դաշնամուր) եւ Կասիա Լեւոնեան (սրինգ) կատարեցին Wilhelm Popp-ի Russian Rhapsody եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Կռունկներ» ստեղծագործութիւնները: Մեսրոպեանի «Շուշի» պարախումբը ներկայացուց « Նոր Հայաստան » պարը, (պարուսոյց` Աւօ Գարաքէշիշեան):

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հոգեւոր տիրոջ «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Ոսկեպար

Յաջորդը

Փինկ Փոնկ. Մարիանա Սահակեան Պիտի Մասնակցի Փարիզի Ողիմպիականին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.