Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը որդեգրած է աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր իր առաջարկը, որն է խորհրդարանի պլոքները երկխօսութեան կամ խորհրդակցութեան հրաւիրել եւ ջանալ նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծում մը գտնել:
Պըրրի շեշտեց, որ ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու հրաւիրելու` ընդգծելով, որ այդ նիստերը անհրաժեշտ են յանգելու համար նախագահական ընտրութեան:
Պըրրի շեշտեց, որ իրենց կողմէ արգելք կամ խոչընդոտ գոյութիւն չունի` հարց տալով, որ արդեօք հակառակորդ երեսփոխանական պլոքները կը փափաքի՞ն երկխօսութիւն կատարել եւ խորհրդակցիլ:
«Եթէ անոնք որոշեն երկխօսութեան մաս կազմել, ապա պիտի հրաւիրենք նման խորհրդակցութեանց», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանան յաւելեալ փլուզում չի կրնար հանդուրժել` նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած դժուար եւ բարդ կացութիւնն ու պայմանները:
Պըրրի շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել միասնական ըլլալու եւ Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները դիմակայելու, յատկապէս երբ երկրին դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կը շարունակուին:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իրականացնելու համար քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնը` նպատակ ունենալով քաղաքական սառցահալ կատարել եւ յանգիլ համախոհական թեկնածուի մը, որուն ընտրութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել` նախագահական ընտրութեան նիստին:
Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ, որպէսզի իմանայ հնգեակին նախաձեռնելիք յառաջիկայ քայլերուն մասին, եւ ըստ այնմ որոշուին յաջորդ ծրագիրները:


