Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Իշխանութիւնները Նոր Քալետոնիոյ Կարգ Մը Շրջաններու Վերահսկողութենէ Դուրս Գալը Յայտարարեցին

May 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր Քալետոնիոյ մէջ ֆրանսական պետութեան ներկայացուցիչ Լուի Լը Ֆրան յայտարարեց. «Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող արշիպեղակոսի շարք մը շրջաններուն վրայ վերահսկողութիւնը այլեւս երաշխաւորուած չէ»:

Ան յայտարարեց, որ յաւելեալ ուժեր ուղարկուած են «չորս գիշերներ անկարգութիւններէ ետք այդ շրջաններուն վերատիրանալու համար»:

«Յաւելեալ ուժերը պիտի հասնին իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու շրջանները, որոնք վերջին օրերուն դուրս եկած են մեր վերահսկողութենէն, եւ անոնց վրայ վերահսկողութիւնը այլեւս երաշխաւորուած չէ», նշեց ան:

Ֆրանսական արշիպեղակոսին մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուեցաւ` անկարգութիւններու եւ թալանի վերածուած բողոքի ցոյցերու մագլցումէն ետք:

Նոր Քալետոնիոյ մէջ խռովարարները կը բողոքեն Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկուող օրինագիծի մը դէմ, որ կ՛առաջարկէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցելու համար քուէարկելու իրաւունք տալ Նոր Քալետոնիոյ մէջ աւելի քան տասը տարի բնակող անձերու: Բնիկները անոր դէմ են:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալտ Տարմանին Ազրպէյճանը մեղադրած էր Նոր Քալետոնիոյ ներքին գործերուն միջամտելու եւ խաղաղովկիանոսեան արշիպեղակոսին մէջ անկարգութիւններու հետ կապ ունենալու համար:

Պատասխանելով Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանը, Ռուսիան կամ Չինաստանը կապ ունի՞ն Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններուն հետ, նախարարը ըսած էր. «Ազրպէյճանի պարագային ատիկա երեւակայութիւն չէ, այլ իրականութիւն»: Ան Ափսոսանք յայտնած էր, որ Քալետոնիոյ անկախութեան որոշ կողմնակիցներ Ազրպէյճանի հետ գործարք կնքած են:

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Մտադիր Է Այցելել Թուրքիա` Նշելու Համար Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին 1700-Ամեակը

Յաջորդը

Արաբական Վեհաժողովը Կոչ Ուղղեց` Պաղեստինի Մէջ Միջազգային Խաղաղապահ Ուժեր Տեղակայելու

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.