Ամերիկեան բանակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Օժանդակութիւններու առաջին բեռը պարպուեցաւ Կազայի մէջ ծփացող նաւահանգիստին մէջ»:
«Առաւօտեան շուրջ ժամը 9:00-ին մարդասիրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած բեռնակառքերը սկսան ժամանակաւոր մայթի ճամբով դէպի Կազայի ծովափ շարժիլ», յայտարարեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը` աւելցնելով. «Ամերիկեան որեւէ ուժ Կազայի մէջ ծովափ չհասաւ»:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ որոշ քանակի ամերիկեան զէնքեր հասած են Իսրայէլ, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներ կը սպառնան Ռաֆահ ներխուժման իսրայէլեան բանակի ծրագիրներուն պատճառով վերատեսութեան ենթարկել Իսրայէլի զէնքի որոշուած մատակարարումները:
Պատկերասփիւռի կայանը յստակացուց, որ խօսքը այն զէնքերուն մասին է, որոնց մատակարարումը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը նախապէս սառեցուցած էր` Ռաֆահի վրայ յարձակումին նկատմամբ մտավախութիւններէն մեկնելով:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը, սակայն, հերքեց, թէ երէկ Թել Աւիւ հասած զէնքերը մատակարարումը առկախուած այդ նոյն զէնքերն են:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացուց օրինագիծ մը, որ ամերիկեան վարչակազմին կ՛արգիլէ մերժել, դադրեցնել կամ չեղեալ նկատել Իսրայէլին յատկացուած անվտանգութեան օժանդակութիւնները:
Սպիտակ տունը չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վեթոյի պիտի ենթարկէ նշեալ օրինագիծը:
«Պիտի երաշխաւորենք, որ Իսրայէլ ինքզինք պաշտպանելու համար կարիք ունեցածը միշտ ունենայ, սակայն օրինագիծը պիտի ականահարէ նախագահին ազդու արտաքին քաղաքականութիւն վարելու կարողութիւնը», նշած էր Սպիտակ տունը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Ես բաց եմ տեղացի պաղեստինցիներու Կազայի կառավարման ստանձնման գաղափարին, սակայն ոչ Պաղեստինեան իշխանութեան ստանձնման գաղափարին»:


