Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 23.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 23.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 12.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.704.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.742.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.451.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին սակը մնաց նոյնը` 863.000 լ. ոսկի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտարարեց, որ Թանգարանի միջազգային օրուան առիթով, այսօր` շաբաթ, 18 մայիս 2024-ին, Լիբանանի բոլոր թանգարանները առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ բաց պիտի մնան հանրութեան դիմաց, ձրիօրէն այցելելու այդտեղ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` դատապարտելու համար Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոյի դէմ մահափորձը, եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին, Սլովաքիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ համաձայնութիւնը տակաւին առկայ է, սակայն անիկա բարակ թելի մը վրայ կը գտնուի: Պասիլ շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է յարգէ նախագահական ընտրութեան մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրանքը` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը Դիմադրութեան դէմ լարուելու եւ ցեխարձակում կատարելու կարգավիճակին մէջ չէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Աֆրամ յայտնեց, որ Լիբանան վտանգի տակ է` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է գիտակցութեամբ վարուին սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Բանակը Կազայի Մէջ Ծփացող Նաւահանգիստ Հասցուց Օժանդակութիւններու Առաջին Բեռը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Թիւ 1701 Բանաձեւը Չէ Մեռած»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.