Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպան Իսրայէլին Զինադադարին Համաձայնիլ Ստիպելու Համար Բաւարար Ջանք Չեն Գործադրեր»

May 14, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները բաւականաչափ ջանքեր չեն գործադրեր Իսրայէլին ստիպելու համաձայնիլ Կազայի մէջ կրակի դադրեցման այն բանէն ետք, երբ պաղեստինեան Համաս խմբաւորումը ընդունած է զինադադարի առաջարկը: Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:

Պոլսոյ մէջ իսլամ գիտնականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսած է, որ Համաս ընդունած է Քաթարի եւ Եգիպտոսի զինադադարի առաջարկը, որ դարձած է «քայլ դէպի կայուն զինադադար», սակայն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը չ՛ուզեր, որ պատերազմը աւարտի:

«Նեթանիահուի կառավարութեան պատասխանը Ռաֆահի մէջ անմեղ մարդոց վրայ յարձակիլն էր», նշած է ան` աւելցնելով. «Յստակ դարձաւ, թէ ո՛վ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կողքին է, եւ որո՛նք կ՛ուզեն բախումներու շարունակութիւն եւ աւելի մեծ արիւնահեղութիւն»:

«Իսկ Նեթանիահուն տեսա՞ծ է իր այլասերած կեցուածքին որեւէ լուրջ արձագանգ: Ոչ: Ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ ալ Ամերիկան այնպիսի արձագանգ չցուցաբերեցին, որ Իսրայէլին զինադադար պիտի պարտադրէր», աւելցուցած է Էրտողան:

Անգարան ուրբաթ օր ողջունած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի աջակցութիւնը Պաղեստինի` ՄԱԿ-ին անդամակցելու դիմումին:

Էրտողան կոչ ուղղած է այն երկիրներուն, որոնք չեն ճանչնար Պաղեստինի գերիշխան պետութիւնը, ատիկա ընել քուէարկութենէն ետք, եւ քննադատած է Ուաշինկթընն ու միւս երկիրները, որոնք դէմ քուէարկած են:

«Մենք տեսանք, որ երկիրները, որոնք ամէն յարմար առիթով մեզի դասախօսութիւններ կը կարդան մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու մասին, բացայայտօրէն կ՛աջակցին անոնց, որոնք ոչնչացուցած են Կազայի 35.000 բնակիչ», ըսած է ան` վկայակոչելով Կազայի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալները: «Մենք տեսանք, որ անոնք, որոնք մինչեւ երէկ սուրբ կը նկատէին բողոքի ցոյցերու իրաւունքը, չեն կրնար հանդուրժել Պաղեստինին աջակցող ցոյցերը»:

Նախորդը

Լաւրով. «Եթէ Արեւմուտքը Կ՛ուզէ Ուքրանական Տագնապը Մարտի Դաշտին Մէջ Լուծել, Ուրեմն Մարտի Դաշտին Մէջ Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Վճռած Ենք Բացարձակ Յաղթանակ Արձանագրել, Եւ Պատերազմին Յաջորդող Օրուան Մասին Խօսելէ Առաջ Պէտք Է Ոչնչացնել Համասը»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.