Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ

May 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւարտական հանգրուանին գծով իր առաջին մրցումը կատարեց եւ շատ կարեւոր արդիւնքով վերադարձաւ Սելաաթայի (Պաթրուն) դաշտէն:

Սելաաթայի դաշտը այդպիսին ըլլալէ զատ ամէն ինչի կը նմանէր: Խոտը վատ վիճակի մէջ, հովը` անզսպելի, հաւանաբար ծանօթ` մրցակիցին, բայց խորթ` մեր մարզիկներուն, որոնք շատ դժուար ընտելացան մթնոլորտին: ՀՄԸՄ-ի տղաքը աւելի լաւ խմբային խաղ կը խաղային, քան մրցակիցը, որ պարզապէս գնդակը կը հեռացնէր եւ կը վազէր աջ ու ձախ աննպատակ: Անոնք համեմատաբար բարձրահասակ էին եւ ֆիզիքականով լաւ, բայց լուրջ վտանգ հազուադէպօրէն ստեղծեցին: Օրուան իրաւարարը կրնար ըլլալ մրցումին հերոսը, երբ յաճախ մրցումը կ՛ընդմիջէր, երբ որեւէ մրցակից գետին պառկէր նոյնիսկ ժամանակ անցընելու համար: Ամէն պարագայի, ՀՄԸՄ անփոփոխ կազմով դաշտ ներկայացած էր, ուր Մոհամետ Պաթրաշ բերդապահ դիրքին վրայ, աջ յետսապահ Հիւսէյն Պազզի, ձախ յետսապահ` Ալեք Ալճեան, կեդրոնի յետսապահներ Ապըտ Սոնտոս եւ Էլի Փիլաւճեան, որ այս դիրքին վրայ կը խաղայ Նայեֆ Քալութի վիրաւորուելէն ետք: Միջնապահ դիրքին վրայ դաշտ ներկայացան Հասան Զաայթեր խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան եւ Տիգօ Վարդան: Յառաջապահ եռեակն ալ մնաց անփոփոխ, ձախէն աջ` Սերժ Օսքեան, կոլ սքորըր Եուսեֆ Համատէ եւ Ալի Ֆահս:

Մրցումը կ՛ընթանար մրցակիցին ցանկացած արդիւնքին նման` 0-0, երբ օգնական իրաւարարը որոշեց միայն 7 վայրկեան աւելցնել մրցումի 90-րդ վայրկեանին, հակառակ անոր որ, ինչպէս նշեցինք, մրցումը շատ ընդմիջուեցաւ: Այս ալ նշենք, որ օգնական մարզիչը երբ հարց տուած է 4-րդ իրաւարարին, թէ միայն 7 վայրկեա՞ն պիտի աւելցուի, իրաւարարը տժգոյն ժպիտով ըսած է. «90 վայրկեաններուն կոլ չկրցանք նշանակել, հիմա՞ պիտի նշանակէք»:

Ասոր պատասխանը չուշացաւ, երբ աջ կողմէն արագ յարձակումով, Ֆահս մտնելէ ետք քառակուսի, արագ փոխանցում կատարեց Իպրահիմ Մուսաուիի, որ 92-րդ վայրկեանին նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: Հազիւ 4 վայրկեան ետք գնդակը հակայարձակումի վրայ հասաւ Ֆատըլ Ռիտայի, որ գեղեցիկ լոպով մը նշանակեց Շեքքայի բերդապահին գլխուն վրայէն: Արդիւնք` 2-0:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3 կէտ խլեց իր առաջին մրցումէն:

Բ. խմբակին մէջ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցակիցը` Լիբանանեան բանակը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շապապ Ատլունի հետ, մինչ հիւսիսային Լիբանանի փոխախոյեան Անսար Մաուատտա 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալը:

Բ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան այս ուրբաթ, ուր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Լիբանանեան բանակին դէմ, Սաֆայի դաշտին վրայ Շապապ Ատլուն պիտի մրցի Ղատ Աֆտալի դէմ, իսկ Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ Անսար Մաուատտա` Շեքքայի դէմ:

Առաջին խմբակին մէջ, Ամալ Մաարաքէ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Տապըլ Քիքի հետ, Ժալիլ Քանա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պեքաա Սաատնայելը, իսկ հիւսիսային Լիբանանի ախոյեան Վուլվզ ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրեց Հիլալ Նասրի հետ:

Նախորդը

Աթլեթիզմ. ՀՄԸՄ-ի Աթլեթները Մետալներով Կը Վերադառնան Տարիքային Ախոյեանութենէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պատուաբեր Արդիւնքով Փակեց Ախոյեանութեան Մրցումները

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.