Ես անչափ ուրախ եմ, որ իսկապէս այս մեծ տօնը ընդհանուր է Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներուն համար, որոնք մեծ հերոսութիւն ըրած են, եւ չեմ վախնար ըսելու, որ մարդկութիւնը մեծ աղէտէն փրկած են: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«րեթէ բոլոր ընտանիքներուն մէջ կան հերոսներ, մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը տուած են յաղթանակի համար, եւ այդ հերոսութիւնը չի կրնար մոռցուիլ: Բոլոր անոնք, որոնք չեն յիշեր պատմութիւնը եւ չեն ուզեր յիշել պատմութեան դասերը, բաւական մեծ ռիսքի կը դիմեն: Պատմութիւնը խստագոյնս կը պատժէ անոնք, որոնք կ՛անտեսեն իր դասերը», ընդգծեց դեսպանը:
Քոփիրքինի համաձայն, ակնյայտ է, որ ինչ բարդ եւ տագնապային կացութիւն է հիմա: Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, կը վկայէ, որ պատերազմի փորձառութիւնը եւ դասերը բաւական արդիական են:
«Մենք կը բախինք նոյն խնդիրներուն, վտանգներուն եւ ռիսքերուն: Ես կը կարծեմ, որ բազմաթիւ մարդոց համար, որոնք մինչեւ հիմա չէին հասկնար, թէ ինչու շատ կարեւոր է յիշել այն, ինչ որ տեղի ունեցած է, ապա համոզուած եմ, որ հիմա շատերը կը սկսին հասկնալ:
«Այնչափ կարեւոր կը նկատեմ, որ մեր երկիրներուն մէջ այս յիշատակը կը յարգուի, եւ ասիկա կարեւոր բաղադրիչ է մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն մէջ: Ասիկա ընդհանուր սխրագործութիւն է, որ կը միացնէ եւ ապագային պիտի միացնէ մեր ժողովուրդները: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ յաղթանակին առիթով», եզրափակեց Քոփիրքին:


