Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Երեւան-Պաքու սահմանազատման համաձայնութեան մասին Փարիզի դիրքորոշման մասին հարցումին ըսած է. «Լաւ է, որ սահմանազատումը կը սկսի: Առաւել եւս լաւ է, որ անիկա կը սկսի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ: Ատիկա ակնյայտօրէն դրական զարգացում է, որ պէտք է շարունակութիւն ունենայ. Հայաստանը Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ որոշակի զիջումներու դիմելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ Ազրպէյճանը նոյնպէս պիտի դիմէ զիջումներու:
«Ազրպէյճանը ներկայիս Հայաստանի տարածքէն մեծ կտորներ բռնագրաւած է, եւ ան պէտք է դուրս գայ այդ տարածքներէն: Ֆրանսայի վարչապետը վերջերս այդ մասին յիշեցուց: Եւ այսպէս, մենք կը կարծենք, որ ատիկա լաւ զարգացում է, որ շարունակութեան կարիք ունի»:
«Ազատութիւն»-ի «Արդեօ՞ք կը կիսէք մտահոգութիւնը, որ արդիւնաւէտ սահմանազատում չի կրնար տեղի ունենալ սպառնալիքներու տակ, ինչի գոյութիւնը ընդունած է նաեւ Հայաստանի վարչապետը» հարցումին Ֆրանսայի դեսպանը պատասխանած է. «Պէտք է տեղէ մը սկսիլ: Պէտք է տեղէ մը սկսիլ եւ իրականացնել սահմանազատումը բանակցութիւններու միջոցով: Տաւուշը լաւ մեկնարկային կէտ է: Եւ մենք անհամբեր կը սպասենք, որ սահմանազատումը շարունակուի այն սկզբունքներու ծիրին մէջ, որոնց շուրջ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը համաձայնած են Փրակայի հռչակագիրով:
«Ատիկա Ալմա Աթայի հռչակագիրն է, որով կը սահմանուին նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու միջազգային սահմանները, եւ կողմերը կը յարգեն ու կը ճանչնան իրարու գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:


