Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Քաթարի օժանդակութիւնը խնդրած է` Ռաֆահի անցքին մէջ գտնուող լիբանանցիները հոնկէ դուրս բերելու կարելիութիւնները քննարկելու համար:
Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ լիբանանցիներու որոշ թիւ մը հոն կը գտնուէր Կազայի վրայ յարձակումը սկսելէն ի վեր, «եւ հակառակ զանոնք այդ անցքէն դուրս բերելու մեր ջանքերուն, զանոնք դուրս բերելը անկարելի դարձաւ», նշեց ան:
Պու Հապիպ ողջունեց Քաթարի շինիչ դերակատարութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին եւ զայն դուրս բերելու նախագահական ընտրութեան իր տագնապէն:
Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ այս հարցին առումով ներքին լիբանանեան համախոհութիւն գոյութիւն ունի` արաբական եւ միջազգային հոգատարութեամբ:


