Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն, Ասաատ Տըրղամ, Ճիմի Ժապպուր եւ Սամեր Թում:
Հանդիպումէն ետք Ժապպուր յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Կիպրոսի նախագահներուն Լիբանան այցելութեան եւ Լիբանանին տրամադրուած մէկ միլիառ եւրոյի թղթածրարը եւ իրենց ու գրեթէ լիբանանեան բոլոր շրջանակներէն դրսեւորուած մտահոգութիւնները ներկայացուցած են Միքաթիին:
Ժապպուր նշեց, որ այդ մտահոգութիւնները կը կեդրոնանան այն իրողութեան վրայ, որ այդ գումարը կրնայ օժանդակութիւն մը ըլլալ սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը պահպանելու եւ անոնց տունդարձը ուշացնելու քաղաքականութեան:
«Միքաթի ընդգծեց, որ համաձայնութեան մասին խօսքերը անճիշդ են եւ Եւրոպական Միութեան հետ ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրուած է: Իրողութիւնը իր պարզութեան մէջ այն է, որ Եւրոպական Միութիւնը այդ նուիրատուութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարած է», ըսաւ Ժապպուր:
Միքաթիի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի. քննարկուեցան Շամիի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին ու Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որ վարչապետի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց 16 մայիս 2024-ին, Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի յաջորդ վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ մայիսի աւարտին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային օժանդակութեան Ը. միջազգային վեհաժողովին նախապատրաստութիւնները:
Միքաթիի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին: Քննարկուեցան գաղթականներու հարցերու նախարարութեան հարցերն ու սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:


