Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշիի Նահատակը (Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին)

May 11, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1988-ին արցախեան շարժումը ազգային զարթօնքի մը ազդանշանը տուաւ համայն հայութեան: Հայրենիքէն սփիւռք` հայութիւնը միահամուռ կերպով արձագանգեց հայրենի Արցախը մայր Հայաստանին վերամիացնելու պահանջին: Սփիւռքահայութեան բոլոր շերտերը խանդավառուեցան: Հայաստանի անկախացումը եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծումը երազանքէն սկսաւ իրականութեան ցոլքեր տալ, եւ յոյսը վերազարթնեցաւ բոլորին մէջ անխտիր:

Արցախեան շարժումը չմնաց խաղաղ ցոյցերու շրջագիծին մէջ: Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը օրըստօրէ ծաւալեցաւ եւ տեւեց ամբողջ երեք տարի` աւարտելով հայկական կողմին յաղթանակով, եւ 12 մայիս 1994-ին կնքուեցաւ զինադադար:

Արցախեան պատերազմը անտարբեր չէր կրնար ձգել սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը եւ մասնաւորաբար դաշնակցական երիտասարդութիւնը: Բազմաթիւ երիտասարդներ փութացին Արցախ` մասնակցելու ազատագրական պայքարին եւ տէր կանգնելու դաշնակցականի իրենց երդումին` անձնական օրինակով եւ կեանքի գնով ծառայելու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Այս փաղանգին մաս կը կազմէր նաեւ Վիգէն Զաքարեան:

Վիգէն ծնած է Պէյրութ, 15 մարտ 1969-ին, Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտի թաղամասը: Յաճախած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը: Կարճ ժամանակ մը նաեւ հետեւած է Հայկազեան համալսարանի տնտեսագիտութեան դասընթացքներուն: Ապա, ստիպուած, նետուած է գործի ասպարէզ` իբրեւ ոսկերիչ:

Վիգէն հասակ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Ան իր սերնդակիցներուն նման` տեսաւ, ապրեցաւ այդ պատերազմին ամէնէն զարհուրելի պահերը` քանդում, աւեր, սպանութիւն եւ այլն: Այս պայմաններուն մէջ կազմաւորուեցաւ անոր գիտակցական եւ հոգեմտաւոր աշխարհը, որուն հիմքը կը հանդիսանար զոհողութեան գնով տէր կանգնիլ հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան: Հակառակ պատերազմի թոհուբոհին, Վիգէնը, դպրոցի կողքին, անդամակցած էր ՀՄԸՄ-ին` իբրեւ գայլիկ, իսկ հետագային արդէն` սկաուտ: Ան հեծելանւորդ էր եւ մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ-ի հեծելանւորդներու խումբին եւ քանի մը առիթներով մասնակցած է Լիբանանի մէջ կայացած տարբեր մրցումներու:

1975-ին սկսած պահանջատիրական զինեալ պայքարը ոչ միայն կը խանդավառէ սփիւռքահայ նորահաս սերունդները, այլեւ անոնց կը ներարկէ հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ քաղաքական աշխարհէն արդարութիւն պահանջելու գիտակցութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առած այդ սերունդին կը պատկանէր նաեւ Վիգէնը:

Շրջադարձային եղաւ Վիգէնի անդամակցութիւնը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին: Ան ակումբի թաղի բնակիչ ըլլալով` իր հեծանիւով արդէն ծանօթ էր ակումբի տղոց եւ ճանչցուած էր իբրեւ «ճեմարանական»: ԼԵՄ-ական իր կեանքը կը դրսեւորուի աշխատանքով, նուիրումով եւ գործօն մասնակցութեամբ` գրեթէ ամէն ինչի, ներառեալ` պահակութեան պարտականութեան, որ հայկական թաղերու ապահովութեան համար կը կատարուէր: Ան կը ստանձնէ պատասխանատու պարտականութիւններ: Այս մթնոլորտին մէջ կը կազմաւորուի Վիգէնի գաղափարական-դաշնակցական ներաշխարհը, եւ հայրենիքին ծառայելու անսակարկ նուիրումը կ՛ամրապնդուի անոր մէջ: Անոր ԼԵՄ-ի անդամակցութեան զուգահեռ, կը սկսի արցախեան շարժումը, որ ինչպէս ամբողջ դաշնակցական երիտասարդութեան, նոյնպէս Վիգէնին մէջ կը բորբոքէ ազատ, անկախ Հայաստանը իրագործելու երազանքին հնարաւորութիւնը:

Արցախեան պատերազմի առաջին տարին զինուորական գործողութիւնները հայկական կողմին համար բարենպաստ չէին: Արցախը ամբողջութեամբ պաշարուած էր: Շուշին կը գտնուէր ազրպէյճանական տիրապետութեան տակ, ուրկէ անդադար կը ռմբակոծուէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Մէկ տարի առաջ ամբողջութեամբ գրաւուած էր Արցախի հիւսիսային բաժինը (Գետաշէն, Մարտունաշէն, Շահումեան), իսկ աւելի ուշ` Հադրութի կէսէն աւելին անցած էր թշնամիին վերահսկողութեան տակ: Վտանգուած էր ամբողջ արցախահայութեան կեանքը: Այս պայմաններուն մէջ Արցախի ղեկավարութիւնը կ՛որոշէ ազատագրել Շուշին եւ ապա` Բերձորը, ցամաքային կապ հաստատելու համար Հայաստանի հետ:

Վիգէնը` իբրեւ զինուորագրեալ կամաւոր, 1992 ապրիլ 17-ին կը մեկնի Հայաստան` միանալու բազմահազար կամաւորներուն, որոնք կ՛երթային Արցախ` կռուելու եւ ազատագրելու հայրենի հողը: Մեկնելէն առաջ տնեցիներուն կը յայտնէ, որ գործով պիտի ճամբորդէ Պելճիքա: Մայիսի սկիզբին կամաւորներուն հետ կը հասնի Արցախ եւ մայիս 7-8-ի լոյս գիշերը կը սկսի «Հարսանիք լեռներում» Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը: Վիգէնը կը մասնակցէր այս կռիւներուն եւ կը գտնուէր Լիսագորի ճակատին վրայ: Մարտի ընթացքին կողէն կը ստանայ փամփուշտ մը, որ մահացու կը դառնայ անոր համար: Իր զինակից ընկերներէն մէկուն վկայութեամբ, շտապ օգնութեան բացակայութեան պատճառով, ան մեծ քանակութեամբ արիւն կը կորսնցնէ, որուն պատճառով կը մահանայ: Անոր դիակը կը տեղափոխուի Երեւան եւ կ՛ամփոփուի Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ:

Վիգէնի նահատակութեան լուրը գաղափարակից ԼԵՄ-ական ընկերներուն հասաւ յաջորդ օրը, երբ արդէն ամէն մարդ մեծ ոգեւորութեամբ զիրար կը շնորհաւորէր Շուշիի ազատագրութեան առիթով: «Նիկոլ Դուման» ակումբը` Վիգէնի վերջին տարիներու մնայուն կայանը, համակ սուգի մէջ մտաւ: Առաջին վայրկեաններու վիշտին զուգահեռ, հպարտութեան եւ յաղթանակողի տրամադրութիւնը համակեց բոլորը:

Վիգէնին մօտէն ճանչցողներուն համար անոր նահատակութեան երթալու այս որոշումը անակնկալ չէր: Վիգէնը կը հաւատար, որ Արցախի փրկութիւնը կ՛ապահովուի զէնքով եւ հայկական բազուկի յաղթանակով: Ան այս համոզումը իր մէջ գոյացուցած էր արցախեան շարժման առաջին օրերէն:

Վիգէնը եղաւ նախակարապետը հայրենի հողը ազատագրելու եւ զայն անկախ տեսնելու սփիւռքահայ երիտասարդութեան: Ան պիտի մնայ խորհրդանիշը հայկական հարուածող բազուկի հաւատամքին եւ հայրենիքին կեանքի գնով ծառայելու գիտակցութեան:

 

 

 

 

Նախորդը

Նահատակ Բանաստեղծին Ծննդեան 140-Ամեակին Առիթով. Վերյիշելով Դանիէլ Վարուժանն Ու Իր «Դերենիկը»

Յաջորդը

Թակարդը Որմէ Պէտք Է Անպայման Խուսափիլ

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.