Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Իր Ըսելիքը Ունի, Երբ Վտանգը Կը Սպառնայ Հայաստանի Եւ Հայ Ժողովուրդի Գոյութեան (*)

May 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, օրհասի եւ ճգնաժամի պահուն է, որ լուսարձակի տակ կը յայտնուին ազգերու ընկերա-քաղաքական իսկական խաւերը, որոնք կը կազմաւորուին շերտ առ շերտ եւ կը գունաւորուին երանգ առ երանգ:

Կը յայտնուին անտարբերներն ու վախկոտները, կեղծաւորներն ու անկեղծները, կարգապահներն ու խուլիկանները, հայրենասէրներն ու դաւաճանները: Կը յայտնուին նաեւ ռազմադաշտէն քիչ հեռու բլուրի մը վրայ կանգնած պատեհապաշտները, որոնք անհամբեր կը սպասեն` տեսնելու, թէ ո՛ր կողմը պիտի թեքի նժարը:

Այս բոլորին կողքին սակայն, կը յայտնուին նաեւ պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ մարտնչող հերոսները, որոնք հարուածներ կը ստանան բոլոր կողմերէն: Դիմացի հարուածները թշնամիէն, թիկունքի հարուածները դաւաճաններէն, իսկ կողքի հարուածները` անփորձ մարտընկերներէ, որոնք պատահաբար գտնուած են հոն: Այս առաջին դիրքերուն վրայ պայքարողներու խումբին կը պատկանի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին 134 տարիներուն, եղած է հերոսներու եւ քաջերու յորդառատ ու մշտաբուխ աղբիւրը:

Բազմիցս քննադատուած է Դաշնակցութիւնը, «այսպէս կոչուած» քաղքենի դասակարգին կողմէ (բացառութիւնները յարգելով), ապազգային քաղաքականութիւն վարողներէն եւ բոլոր անոնցմէ, որոնք իրենց վնասը կը տեսնէին հայ ժողովուրդի անկախութեան, միասնութեան եւ բարօրութեան մէջ:

Բազմիցս հալածուած է Դաշնակցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ցարական Ռուսիոյ կողմէ, Թուրքիոյ հանրապետութեան եւ Խորհրդային Միութեան կողմէ, Արեւմուտքէն եւ Արեւելքէն, որովհետեւ գերադասած է միմիայն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին շահերը:

Արդեօք սխալներ գործա՞ծ է Դաշնակցութիւնը: Չաշխատողն է որ չի սխալիր: Յարատեւ աշխատողը կը սրբագրէ իր սխալները եւ կը շարունակէ իր պայքարը: Ի զուր չէ, որ Դաշնակցութիւնը գրաւած է հայութեան սիրտը, միտքն ու խիղճը, եւ այդ մէկը իրականացած է ոչ թէ ուժով կամ դրամով, այլ յարատեւ զոհողութեամբ:

Իշխանութեան գլուխը ըլլայ, թէ ընդդիմադիր շարքերուն մէջ, Դաշնակցութիւնը ծառայած է ու կը ծառայէ միայն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերուն, եւ երբ վտանգը կը սպառնայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյութեան, իր ըսելիքը ունի Դաշնակցութիւնը, եւ շատ-շատեր կուրօրէն կը վստահին Դաշնակցութեան վճիռին:

2009-ին Դաշնակցութիւնը բարձրաձայն արտայայտեց իր ընդդիմութիւնը Հայաստան – Թուրքիա Ցիւրիխեան փրոթոգոլներուն, եւ իրաւացի դուրս եկաւ:

Դաշնակցութիւնը իրաւացի է նաեւ այսօր, երբ ոմանց ապիկարութեան, անկարողութեան եւ ստախօսութեան պատճառով կորսնցուցած ենք Արցախը եւ կը գտնուինք Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան կորուստի սեմին:

Ներկայ իշխանութիւնները կ՛երթան զիջումէ-զիջում` իրենց ձախաւերութեան պատճառով: Ապիկարը, անկարողը եւ ստախօսը ո՛չ խաղաղութիւն կրնայ ապահովել, ո՛չ բարօրութիւն եւ ո՛չ ալ յաղթանակ, այլ յարատեւ պարտութիւն ու խայտառակութիւն:

Այժմ զիջումներուն կարգը հասած է Տաւուշ:

Վաղը ատիկա պիտի առաջնորդէ նոր զիջումներու Սեւանի, Ջերմուկի կամ Սիւնիքի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու գործընթացին մէջ, որպէսզի վերջնականապէս թաղուի Հայկական հարցը: Այս է թուրքին ու ազերիին երազը: Չհետեւինք անոնց, որոնք պատմութիւնը նենգափոխելով կ՛ուզեն հայրենասիրութիւնը ներկայացնել իբրեւ արկածախնդրութիւն կամ Նոսթալժիա, իսկ դաւաճանութիւնը` խոհեմութիւն կամ իրապաշտութիւն: Միշտ յիշենք, որ առաջին արժանիքը, որ ազգ մը կրնայ կորսնցնել, իր արժանապատուութիւնն է: Մնացեալը ժամանակի հարց է:

«Հողային զիջումներ` փոխան խաղաղութեան» վերնագրին տակ թուրքն ու ազերին կը փորձեն կտոր առ կտոր կուլ տալ հայ ժողովուրդի պետականութեան վերջին բեկորը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հետեւաբար հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար արտայայտելու մեր միասնական ու միահամուռ ո՛չը:

Ո՛չ անձնատուութեան եւ միակողմանի զիջումներուն:

Ո՛չ խայտառակութեան եւ սուտ խոստումներուն:

Ո՛չ բռնատիրութեան եւ հալածանքներուն:

 

(*) Լուֆթիկ Այվազեանի բացման խօսքը` «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով հաւաքին:

Նախորդը

Արցունք Բերաւ Աչքերէս Սրբազանին Պատկերը…

Յաջորդը

Հայաստանը Համայն Հայութեան Հայրենիքը Պահելու Վերջին Առիթն Է (*)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.