Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Տալասի Մէջ. Սանզ Դուրս Մնաց

April 30, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն.Պի.Է.»-ի փլէյ օֆի մրցումները շարունակուեցան, եւ Թեքսասի մէջ Տալաս Մեւրիքս չկրցաւ իր 20.411 համակիրները ուրախացնել եւ 116-111 արդիւնքով տեղի տուաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի առջեւ:

Մրցումին սկիզբէն Քլիփըրզ իշխած էր եւ 31 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունեցաւ` օգտուելով Լուքա Տոնչիչի «թոյլ» ելոյթէն, որ չկրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանել: Տոնչիչ ծունկի ցաւ ունէր եւ մրցումին կրնար չմասնակցիլ նոյնիսկ, բայց տաքնալէ ետք որոշեց մասնակցիլ: Քլիփըրզէն կը բացակայէր Քուայ Լենըրտ:

Մէկ կողմէն Փոլ Ճորճ եւ Ճէյմս Հարտըն զոյգը, միւս կողմէ Քայրի Ըրվինկ եւ Տոնչիչ զոյգը: Քայրի երկրորդ կիսախաղին գրեթէ առանձին կրցաւ մօտեցնել Տալասը եւ մրցումի աւարտէն 2:15 վայրկեան առաջ անմոռանալի կողով մը նշանակեց 3 մրցակիցներու մէջէն Տալասը 109-104 արդիւնքով յառաջացնելով:

Ըրվինկ, որ 40 կէտ նշանակեց, եղաւ մրցումին թիւ 1 աստղը: Ան 7 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ ալ կատարեց նշանակելով 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Լուքա Տոնչիչ 29 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ արձանագրեց, սակայն չկրցաւ լաւ ձեւով պաշտպանել Փոլ Ճորճի դէմ: Ճորճ 33 կէտ նշանակեց, 8 էսիսթ կատարեց եւ 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ ձեռք ձգեց: Ճէյմս Հարտըն 33 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ մրցումներու հաշիւը հաւասարեցուց 2-2-ի:

Յաջորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ: Առաջին խումբը, որ կը հասնի Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտական, թիւ 3 դասուած Մինեսոթա Թեմպըրվուլվզն է, որ 4-0 արդիւնքով դուրս ձգեց Քեւըն Տիւրենթի եւ Տեւըն Պուքըրի Ֆինիքս Սանզը:

Մինեսոթա իր դաշտին վրայ 2 մրցում յաղթելէ ետք կրցաւ Արիզոնայի մէջ ալ 2 մրցում յաղթել եւ աւարտել Ֆինիքս Սանզի երազը:

Պէտք է ըսել, որ երէկուան մրցումը եղաւ ամէնէն մօտը, որ Մինեսոթա (122-116) 6 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց: Առաջին մրցումին 25 կէտ (95-120), երկրորդ մրցումին 12 կէտ (93-105), իսկ երրորդին 17 կէտ (126-109) էր տարբերութիւնը:

Անթոնի Էտուըրտծ 40 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինիսոթայի, մինչ Քարլ-Անթոնի Թաունզ 28 կէտ եւ 1, ռիպաունտ աւելցուց:

Միւս կողմէ, Քեւըն Տիւրենթ 33 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Տեւըն Պուքըր 49 կէտ եւ 6 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Սանզի, որ տարեշրջանի սկիզբէն չէր կրնար ինքզինք պարտադրել իբրեւ թեկնածու խումբ:

Ինտիանափէյսըրզ 126-113 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Միլուոքի Պաքսին, որ կը խաղար առանց «Օլ Սթար»-ի իր մարզիկներուն` Եաննիս Անթեթաքոմփոյի եւ Տեմիըն Լիլըրտի, որոնք վիրաւոր էին:

Մայլզ Թըրնըր 29 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ինտիանայի, որ 3-1 արդիւնքով յառաջացաւ եւ մէկ յաղթանակի պէտք ունէր դուրս ձգելու Արեւելեան շրջանի 3-րդ դասուած Պաքսը:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ իր դաշտին վրայ 92-97 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն, որ յառաջացաւ 3-1 արդիւնքով:

Ժոէլ Էմպիիր 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, բայց Ճէյլըն Պրանսընի 47 կէտերը (եւ 10 էսիսթ) աւելի վճռական էին ի նպաստ Նիքսի, որ 3-1 արդիւնքով յառաջացաւ:

Նախորդը

Թենիս. Հողով Ծածկուած Դաշտերու Մրցաշարքերը Սկսան

Յաջորդը

Ճիւտօ. Հայաստան 3 Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.