Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 30, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Մասրին, որուն հետ քննարկեց սենտիքային վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեցին նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի նահանգապետ, դատաւոր Մոհամետ Մաքքաուի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարներու պաշտօնակատարներ Զիատ Մքերին եւ Ճոնի Քըրըմը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Խէյրը, որ յայտնեց, թէ չափաւորական պլոքին նախաձեռնութիւնը տակաւին ուժի մէջ է` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան շահերուն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց նախկին նախարար Եուսեֆ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ հաստատեց, որ Պաղտատի մէջ կայացած արաբ աշխատանքի նախարարներու խորհրդաժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանանի աշխատաւոր դասակարգին նիւթական պարգեւ մը տրամադրելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալի հետ: Քննարկուեցան Եւրոպական Միութեան նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենի Պէյրութ կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես հինգշաբթի, 2 մայիս 2024-ին պիտի այցելեն Լիբանան` ներկայ գտնուելու համար վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք ժողովի մը, ապա հանդիպում պիտի ունենան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտին` ներկայութեամբ երեսփոխան Ղասսան Աթալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանքի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Թարեք Սատեքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ օմանեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ իրականացնել լիբանանեան բանակի տեղակայում` հանդարտեցնելու համար կացութիւնը եւ պաշտպանելու համար Լիբանանը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ կոչ ուղղեց դատաւորներուն յեղափոխութիւն կազմակերպելու եւ արդար վճիռներ արձակելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանանին առաջարկուած որեւէ արտաքին նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը հարուածել, ենթակայ է ձախողութեան:

Նախորդը

Պլինքըն. «Քաղաքայիններուն Վնաս Չհասցնելու Ծրագիրի Բացակայութեան Չենք Կրնար Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Աջակցիլ»

Յաջորդը

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Շարունակուեցան

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.