Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

April 27, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շրջանի ԼՕԽ-ի միաւորներուն, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` հայորդիներ:

Քայլարշաւը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ: Յատկանշական էր նաեւ «Ազատամարտ-Մուրատ» նորաստեղծ պատանեկան միութեան անդամներուն մասնակցութիւնը այս քայլարշաւին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձանին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:

Կարապետ վրդ. Թադէոսեան ողջունեց եւ օրհնեց սկաուտները, անդրադարձաւ հայոց մարտիրոսութեան եւ վերապրումին, որուն մէջ արդէն կայ խորհուրդ ու պատգամ: Ան անդրադարձաւ, որ հայ ազգը ունեցած է մեծաթիւ հոգեւորականներ ու մտաւորականներ, որոնք գործած են Հայ դատի հետապնդման ուղիին վրայ, անոնց ջանքերով ալ կարելի եղած է հայութեան ձայնը բարձրացնել եւ իրաւունքները լսելի դարձնել: Ան շեշտեց, որ հայ արին երդում կու տայ` ծառայելու իր ազգին, հաւատարիմ մնալու հայրենիքին, ժողովուրդին եւ ընկերներուն. առ այդ, ան կոչ ուղղեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն` տէրը ըլլալու հայութեան ազգային արժէքներուն եւ ժառանգութեան, պահպանելու զայն եւ փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն, հաստատելով, որ իւրաքանչիւր սկաուտ իր մէջ լաւ մարդն ու տիպար հայը կը միաձուլէ:

Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ծաղկեպսակ զետեղեց Ֆըրն Շպպէքի գերեզմանատան մէջ գտնուող ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ:

Նախորդը

Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում

Յաջորդը

«Միասնաբար Քալենք Դէպի Անթիլիաս» Խորագիրով Քայլարշաւ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.