Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կովկասի Մէջ Ռուսական Ռազմավարութեան` Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը

April 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ռուս խաղաղապահներու Արցախէն դուրսբերման հոլովոյթը սկսաւ». այս է խորագիրը 18 ապրիլ 2024-ի «Ազդակ»-ի լուրերէն մէկուն (1): «Ռաշա Թուտէյ» լրատուական կայքէջը օր մը առաջ այս լուրը տուած էր արդէն, եւ հետաքրքրական էին լրատուութեան տակ այն ժամանակ 84 կեղծանունով կարծիք յայտնողները, որոնց մեծամասնութիւնը կը պաշտպանէր ռուսական կողմը` այպանելով Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ի, Սորոս-ի, Ամերիկայի եւ Եւրոպական միութեան խամաճիկ եղող Փաշինեանի վարչախումբը, որ անոնց պատուէրով Արցախը յանձնեց Ազրպէյճանին (2):

Ստորեւ կը թարգմանեմ շատ հաւանաբար հայ ընթերցողի մը ճշգրիտ, լուրջ եւ հիանալիօրէն արտայայտած մեկնաբանութիւնը` Ռուսիոյ առած այս քայլին մասին, որ երբե՛ք հեռու չէ իրականութենէն եւ կը պատասխանէ շատերուն անմիտ մեկնաբանութիւններուն:

Ռուս խաղաղապահները կը լքեն Արցախը:

«Ես ինքս ռուսամէտ եմ, սակայն այս քայլը պարտութիւն եւ աղէտ էր Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար, անկախ անկէ, թէ ինչպէ՛ս  ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛ուզեն եղելութիւնը պատմել: Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը պատմականօրէն հայկական եղած է, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունի, նոյնիսկ` Ռուսիոյ պատմութեան սկսելէն առաջ: Խնդիրը ինքնին ամբողջութեամբ Խորհրդային Միութեան` ԽՍՀՄ-ի անտեղի ստեղծումն էր: ԽՍՀՄ-ը դիտումնաւոր կերպով իր հանրապետութիւններուն համար սահմաններ ստեղծեց, որոնք 100 տոկոսով չէին համապատասխաներ այդ տարածքներուն պատմական եւ ազգային բնակչութեան մեծամասնութեան:

«ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք Ռուսիան չկրցաւ տեւական կերպով լուծել խնդիրը եւ այնուհետեւ չկրցաւ նաեւ կանխել ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան եւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցած կեղծ Ազրպէյճանը` տիրանալու եւ ցեղային զտումով ստիպելու հայերուն տեղահանութիւնը իրենց պատմական հայրենիքէն: Այս ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն, եւ ոչինչով կը տարբերէր այն բոլորէն, որ սիոնականները այժմ կը կատարեն Պաղեստինի մէջ: Այս իսկ պատճառով Իսրայէլը նոյնպէս ամբողջ սրտով օգնեց այս (արցախահայութեան*) ցեղասպանութեան:

«Նախ եւ առաջ ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛արդարացնեն այս ոճիրը` մեղադրելով ՕԹԱՆ-ի խամաճիկ Փաշինեանը, անտեսելով այն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը անջատուած էր պաշտօնական Հայաստանէն (առանձին, անկախ Արցախի Հանրապետութիւն էր): Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ո՛չ քուէարկած է Փաշինեանի օգտին, ո՛չ ալ դերակատարութիւն ունեցած է անոր իշխանութեան գալու գործին մէջ:

«Երկրորդ` ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛արդարացնեն այս ոճիրը` մատնանշելով Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ի հետ մերձենալու փորձը, անտեսելով այն փաստը, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք հակամարտութեան հակառակ կողմն են, արդէն կա՛մ ՕԹԱՆ-ի (Թուրքիա) լիիրաւ անդամներ են, կա՛մ ամբողջութեամբ համախոհ ՕԹԱՆ-ին (Ազրպէյճան): Փաշինեանը կրնար ցանկալ ՕԹԱՆ-ին միանալ, սակայն հակամարտութեան հակառակ կողմը բառացիօրէն արդէ՛ն ՕԹԱՆ-ը եւ Իսրայէլն էին:

«Երրորդ` ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛անտեսեն այն փաստը, որ այս ամբողջ գործողութիւնը` եղելութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ, բառացիօրէն ուրուագծուած, ծրագրուած եւ գործադրուած էր ՕԹԱՆ-ին կողմէ: ՕԹԱՆ-ը արդէն Ազրպէյճանը կառավարող գործակալ մը ունի (որուն մասին Ռուսիան տասնամեակներով ոչինչ ըրած է): Այնուհետեւ ՕԹԱՆ-ը գունաւոր յեղափոխութիւն սարքեց Հայաստանի մէջ` իշխանութեան բերելով իրենց գործակալներէն մէկը, որ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով Հայաստանը դարձուց անպաշտպան եւ հրաւիրեց ՕԹԱՆ-ի իր տէրերը, որ անոնք իրենց ուզածին պէս փոխեն Կովկասը, ինչպէս որ կը փափաքին: Անգամ մը եւս Ռուսիան չկրցաւ կանխել, կանգնեցնել այս գունաւոր յեղափոխութիւնը եւ հետագայ փոփոխութիւններն ու զարգացումները:

«Անշուշտ ՕԹԱՆ-ը այստեղ կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ տարածաշրջանը վերափոխելու ըստ իրենց փափաքած նպատակներուն եւ  ծրագիրներուն: Անկեղծօրէն յոյսով եմ, որ Ռուսիան, կամ` Իրանը,  երկարաժամկէտ ծրագիր մը կը մշակեն այս ոճիրները սրբագրելու, եւ այս տարածաշրջանը կառավարող ՕԹԱՆ-ի խամաճիկները վռնտելու եւ բնիկ հայերուն թոյլ տալու վերադառնալ իրենց նախնիներուն տուները»:

Ակնարկը յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր:

18 ապրիլ 2024

haroutchekijian.wordpress.com

————–

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումը հեղինակին կողմէ

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/612103

2. https://www.rt.com/russia/596087-nagorno-karabakh-russian-peacekeepers/

Նախորդը

Ակնարկ. «Թագաւորը Մերկ Է…»

Յաջորդը

Անոյին… (Անահիտ Փոլատեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.