Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆիլատելֆիա Գրաւեց 7-րդ Դիրքը Հիթ – Պուլզ` 8-րդ Պայքար

April 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի հասնող խումբ մը եւս յստակացաւ երէկ, երբ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ իր դաշտին վրայ մէկ կէտի առաւելութեամբ պարտութեան մատնեց Մայեմի Հիթը 105-104 արդիւնքով գրաւելով 7-րդ դիրքը:

Արդարեւ, Ժոել Էմպիիտի 23 կէտերը եւ կարեւոր էսիսթը պատճառ դարձան, որ Ֆիլատելֆիա, որ 14 կէտով ետ մնար անցեալ տարեշրջանի փոխախոյեան Մայեմի Հիթէն:

Անցեալ տարուան «Էմ. Վի. Փի.» Էմպիիտ փաստեց, որ երբ ինք ներկայ է, Ֆիլատելֆիա կրնայ շատ հանգրուաններ կտրել: Էմպիիտ 23 կէտերու կողքին 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ կարեւոր էսիսթ մը կատարեց Քելի Ուպրէի, որուն 3 կէտնոց կողովը առաջնորդեց յաղթանակի:

Մայեմի, որ անցեալ եղանակին փլէյ-ինի այս հանգրուանէն կտրելով հասած էր աւարտականի, լաւ վիճակի մէջ էր մինչեւ 4-րդ մասը, երբ իր աստղերէն Ճիմի Պաթլըր ոտքը վիրաւորեց եւ չկրցաւ լաւ ձեւով աւարտել մրցումը:

Ֆիլատելֆիայի այս յաղթանակը կարեւոր էր` գրաւելու 7-րդ դիրքը, մանաւանդ որ 8-րդ դիրքը գրաւող խումբը փլէյ-օֆին իր դէմ պիտի ունենայ Պոսթըն Սելթիքսը, որ կը նկատուի այս տարուան ամէնէն զօրաւոր խումբը: Ֆիլատելֆիա պիտի մրցի Նիւ Եորք Նիքսի դէմ (2-րդ դասուած):

Մայեմի Հիթ, որուն մարզիկներէն Թայլըր Հերրօ (25 կէտ եւ 9 էսիսթ), Ճիմի Պաթլըր (19 կէտ) եւ Պեմ Ատեպայօ (10 կէտ, 12 ռիպաունտ) փայլեցան, 8-րդ դիրքին համար պիտի մրցի Շիքակօ Պուլզի (9-րդ) դէմ, որ 131-116 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Հոքսը:

Քոպի Ուայթ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց ձեռք ձգելով 42 կէտեր:

Ուայթ, որ նախապէս 37 կէտ նշանակած էր, շատ հանգիստ կը յարձակէր Աթլանթայի կողովին վրայ, մինչ Շիքակոյի Եունայթըտ Սենթըրի համակիրները (21.627 համակիր) իր անունը կը կանչէին:

Տեճունթէ Մըրէյ 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Աթլանթայի, որ իր վերջին 6 մրցումները պարտութիւններով կ՛աւարտէր:

Նիքոլա Վուչեւիչ 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Շիքակոյի, մինչ ՏըՄար ՏըՌոզըն աւելցուց 22 կէտ եւ 9 էսիսթ ի նպաստ Պուլզի:

Նշենք, որ չորեքշաբթի օր յայտարարուեցան Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ազգային խումբի 12 մարզիկները, որոնք պիտի ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները` 2024-ի ողիմպիական մրցումներուն:

Խումբը կը բաղկանայ 12 աթլեթներէ, որոնք բաւական փորձառութիւն ունին «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ: 3 անգամ ողիմպիականի ախոյեան Քեւըն Տիւրենթ, ինչպէս նաեւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն սքորըր Լըպրոն Ճէյմս, որ 2 անգամ ողիմպիական ոսկի մետալ շահած է, մաս կը կազմեն աստղերով հարուստ խումբին:

Խումբին մաս կը կազմեն 11 մարզիկներ, որոնք նախապէս մասնակցած են 11 ողիմպիական խաղերու, 10 ողիմպիական ոսկի մետալակիր, ինչպէս նաեւ 3 ՖԻՊԱ-ի աշխարհի ախոյեան: Ընդամէնը, Միացեալ Նահանգներ իրենց հետ պիտի առնեն 12 «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղեր, 4 «Էմ. Վի. Փի.»-ներ եւ 6 անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած մարզիկներ:

Ստորեւ` կազմը եւ իրենց միջին կէտերու ռիպաունտներու եւ էսիսթներու տոկոսը.

– Պեմ Ատեպայօ (Մայեմի Հիթ) 15,4 կէտ, 8,7 ռիպաունտ, 3,5 էսիսթ
– Տեւըն Պոսքըր (Ֆինիքս Սանզ) 24,3 կէտ, 4 ռիպաունտ, 5 էսիսթ
– Սթեֆըն Քըրրի (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ) 24,8 կէտ, 4,7 ռիպաունտ, 6,4 էսիսթ
– Անթոնի Տէյվիս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ) 24,1 կէտ, 10,6 ռիպաունտ, 2,5 էսիսթ
– Քեւըն Տիւրենթ (Ֆինիքս Սանզ) 27,3 կէտ, 7,0 ռիպաունտ, 4,4 էսիսթ
– Անթոնի Էտուըրտծ (Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ) 23 կէտ, 5,2 ռիպաունտ, 4,1 էսիսթ
– Ժոէլ Էմպիիտ (Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ) 27,9 կէտ, 11,2 ռիպաունտ, 3,6 էսիսթ
– Թայրիս Հելիպըրթըն (Ինտիանա Փէյսըրզ) 20,1 կէտ, 3,9 ռիպաունտ, 10,9 էսիսթ
– Ճրու Հոլիտէյ Պոսթըն (Սելթիքս) 16,1 կէտ, 4,2 ռիպաունտ, 6,4 էսիսթ
– Լըպրոն Ճէյմս (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ) 27,1 կէտ, 7,5 ռիպաունտ, 7,4 էսիսթ
– Քուայ Լենըրտ (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ) 23,7 կէտ, 6,1 ռիպաունտ, 3,6 էսիսթ
– Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն Սելթիքս) 26,9 կէտ, 8,1 ռիպաունտ, 4,9 էսիսթ

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Փենալթիներով Դուրս Ձգեց Սիթին

Յաջորդը

Ուասլ. Ռիատի Հասաւ Աւարտական` Դուրս Ձգելով Սաժեսը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.