Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին. «Երջօ-Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոքրիկներու Ընկերային Հաւաք

April 9, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու ծուխերէն հաւաքուած շուրջ 125 փոքրիկներու ընկերային հաւաք: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Հաւաքի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան, որ նշեց, թէ Քրիստոս յարութեամբ յաղթեց մահուան եւ մարդուն պարգեւեց վերստին ապրելու շնորհը եւ, հետեւաբար, ժամանակն է, որ մեր սիրտերը եւ հոգիները բանանք Աստուծոյ, որպէսզի փրկուինք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, Ազգային առաջնորդարանի տնօրէնութեան, թաղական խորհուրդներուն, ծնողներուն եւ ի մասնաւորի «Լուսիկ լենտ» խումբին, որ սիրայօժար ընդառաջած էր բաժանմունքի հրաւէրին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, որ կարեւորութեամբ շեշտեց առաջնորդարանի յարկին տակ ներկայութիւնը փոքրիկներուն, որոնք տուներու ուրախութեան աղբիւրն են: «Այս հասկացողութեամբ, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը այս տարի բարի մտածումը ունեցաւ անպայմանօրէն մեր գաղութի մանուկներով Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ ուրախութեան առիթ մը կազմակերպելու», ըսաւ սրբազան հայրը` գնահատելով բոլոր անոնք, որոնք առիթը ընծայեցին, որ այս մտածումը այսօր զատկական տօնի նախօրեակին անպայմանօրէն իրականութեան վերածուի: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը մաղթեց ներկաներուն, որ ըլլան առողջ ու ուրախ, իրենց տուները լեցուին Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ երջանիկ մթնոլորտով, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներէն ներս մեր մանուկները իրենց մասնակցութեամբ զուարթ պահեր ապրին եւ ապրեցնեն բոլորը:

Այնուհետեւ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ «Լուսիկ լենտ» խումբը երգերով, պարերով եւ խաղերով ստեղծեց տօնական խանդավառ մթնոլորտ: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, եւ բոլոր փոքրիկները ստացան նուէրներ:

Նախորդը

Աներեր Կեցուածքէ Շեղում

Յաջորդը

Մհեր Ջուլհաճեան Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի 20-Ամեակ

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.