Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Հայ Համայնքի Կոչը` Միջազգային Հանրութեան

April 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք` Երուսաղէմի հայ համայնքի հասարակական, բարեգործական, երիտասարդական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ, ի հարկէ «SavetheArQ» շարժման ներկայացուցիչներս, հրատապ կոչով կը դիմենք միջազգային հանրութեան` խնդրելով մեր համայնքին համար խիստ վճռորոշ այս պահուն աջակցիլ Երուսաղէմի պատմական հայկական թաղամասը պաշտպանելու գործին: Իսրայէլի ոստիկանութեան վերջին գործողութիւնները վտանգաւոր նշաձող աւելցուցին, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք մենք:

Հակառակ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ յարուցուած շարունակական դատական գործընթացներուն` ուղղուած «Կովերու պարտէզ»-ին հետ կապուած անօրինական գործարքը չեղեալ յայտարարելուն, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է իսրայէլացի վերաբնակներուն, որոնք գործնականօրէն կը սրեն լարուածութիւնը եւ կը փորձեն տեղւոյն վրայ ուժով փոխել իրողութիւնը: Ըստ այնմ, խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մեր 1600-ամեայ ներկայութիւնը: Հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին պատմական գոյութիւնը այժմ վտանգի տակ է: Որպէսզի պարզ ըլլայ բոլորին, մենք միասնական ձայնով կը յայտարարենք, որ «Կովերու պարտէզ»-ին հետ կապուած ստորագրուած գործարքը չեղարկուած է. մեր գոյութիւնը կը վտանգէ իբրեւ համայնք եւ կը խախտէ մեր սեփականութեան իրաւունքները:

Մենք կը խնդրենք միջազգային հանրութենէն ճանչնալ Երուսաղէմի մեր մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նշանակութիւնը եւ կանգնիլ մեր կողքին` ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի հայութեան գոյութեան իրաւունքին: Հայկական թաղամասը զուտ աշխարհագրական տեղանուն չէ, անիկա մեր մնայուն ներկայութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշն է: Անոր նկատմամբ ցանկացած ոտնձգութիւն ոչ միայն կը խաթարէ մեր համայնքին ու պատրիարքարանին իրաւունքները, այլեւ կը սպառնայ ոչնչացնել «Հին քաղաք»-ի խճանկարը:

Մենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ պետութիւններու ղեկավարներուն, դիւանագիտական առաքելութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն կոչ կ՛ուղղենք բարձրացնելու այս գոյութեան սպառնալիքի հանրային հնչեղութիւնը, համախմբուելու եւ մեզի հետ համերաշխութեամբ առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու` կասեցնելու հետագայ ոտնձգութիւնները հայկական կալուածներուն նկատմամբ եւ պահպանելու Հայկական թաղամասի ներկայ սթաթիւս քոն:

Մենք համապատասխան բոլոր կողմերուն յատուկ կոչ կ՛ուղղենք` ճնշում գործադրելու իսրայէլեան ոստիկանութեան վրայ` դադրեցնելու իրենց անմիջական օգնութիւնը, խթանումը եւ նոյնիսկ իսրայէլացի վերաբնակներու ուղեկցումը, որոնք կը ցանկան բռնի ոտնձգութիւն կատարել «Կովերու պարտէզ»-ին, հայկական թաղամասին եւ հայ համայնքին նկատմամբ: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են Երուսաղէմի ամբողջականութեան, իր պատմութեան եւ բոլոր համայնքներու կենսունակութեան պահպանմամբ, պահանջելու, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պարտաւորեցնէ տեղւոյն ոստիկանութեան չօգնելու, չխթանելու եւ նոյնիսկ չգլխաւորելու ընկերութեան յարձակումը հայ համայնքի վրայ, չբռնագրաւելու հայկական թաղամասի եւ համայնքի թանկարժէք գոյքը:

Անոնք զինուած են: Մենք` ոչ: Պէտք է, որ գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, ոչ թէ իսրայէլացի վերաբնակներու ապօրինի եւ ուժային ոտնձգութիւնները` աջակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան: Մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, իրաւական գործընթացները եւ սթաթիւս քոն պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Այս պահուն, իսրայէլեան ոստիկանութեան եւ վերաբնակներու ձեռնարկած գործողութիւններու հետեւանքով, բոլորը վտանգուած են: Մեր ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ յարգանքի, հանդուրժողականութեան եւ մշակութային բազմազանութեան ընդհանուր արժէքներու վկայութիւն, որոնք պէտք է պահպանուին Երուսաղէմի մէջ:

ՀԱՅՈՑ ԹԱՂԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ – ՀԵՄ
ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ – ՀՄԸՄ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ – ՀՅԴ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ – ՌԱԿ
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ – ՀՕՄ

Նախորդը

Իսրայէլ Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Հարաւային Լիբանանն Ու Պեքաան

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակ Միջոցներու Ձեռնարկելու` Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Պաշտպանելու Համար

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.