Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին կրան փրիին Ֆեռարի գրաւած էր առաջին երկու դիրքերը, սակայն երէկ Ճափոնի մէջ Ռետ Պուլ վերադարձած էր ըսելու, թէ Աւստրալիոյ մէջ թեքնիք խանգարում մը կար, եւ Ռետ Պուլ կը մնայ լաւագոյնը` գրաւելով առաջին 2 դիրքերը, մրցումի մը, ուր վարորդի կողքին լաւ ինքնաշարժ ունենալն ալ կարեւոր էր:
Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն (Ռետ Պուլ) գրաւեց առաջին դիրքը 1 ժամ 54.23,516 ժամանակով, 12,535 երկվայրկեանի առաւելութիւն մը ունենալով իր խմբակից Սերխիօ Փերեսի վրայ:
Ֆեռարի գրաւեց 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը 8 երկվայրկեանի տարբերութեամբ: Քարլոս Սայնց Ճունիըր բարձրացաւ փոտիում` 8,3 երկվայրկեանով ետ մնալով 2-րդ դիրքը գրաւող Փերեսէն:
Շարլ Լըքլեր մօտ 6 երկվայրկեան ուշ էր իր խմբակից Սայնցէն` 4-րդ դիրքին վրայ:
Մաքլարենի լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Լանտօ Նորիս, որ գրաւեց 5-րդ դիրքը, մինչ Օսքար Փիասթրի գրաւեց 8-րդ դիրքը` միւս Մաքլարենով:
6-րդ դիրքը գրաւեց սպանացի Ֆեռնանտօ Ալոնսօ, որ 1,7 երկվայրկեան առաւելութիւն մը ունեցաւ 7-րդ դիրքը գրաւող Մերսետեսի վարորդ Ճորճ Ռասըլի վրայ:
Լուիս Համիլթըն գրաւեց 9-րդ դիրքը, մօտ 1 երկվայրկեան ուշ մնալով Մաքլարենի Օսքար Փիասթրիէն (8-րդ):
Մրցումին առաջին շրջանին Ալեքս Ալպոն եւ Տանիէլ Ռիքարտօ իրար զարնուելով դուրս ելան, բան մը, որ մրցումին վերստին սկսելուն պատճառ դարձաւ:
Ստորեւ` մրցումին դասաւորումը, նշելով, որ Վերշթափըն 1 կէտ աւելի շահեցաւ, ունենալով լաւագոյն շրջանի մրցանիշը:
1.- Մաքս Վերշթափըն 1 ժամ 54 վայրկեան 23,566 երկվայրկեան 26 կէտ
2.- Սերխիօ Փերես 12,535 երկվայրկեան ուշ 18 կէտ
3.- Քարլոս Սայնց Ճունիըր 20,866 երկվայրկեան ուշ 15 կէտ
4.- Շարլ Լըքլեր 26,522 երկվայրկեան 12 կէտ
5.- Լանտօ Նորիս 29,700 երկվայրկեան ուշ 10 կէտ
6.- Ֆեռնանտօ Ալոնսօ 44,272 երկվայրկեան ուշ 8 կէտ
7.- Ճորճ Ռասըլ 45,951 երկվայրկեան ուշ 6 կէտ
8.- Օսքար Փասթրի 47,525 երկվայրկեան ուշ 4 կէտ
9.- Լուիս Համիլթըն 48,626 երկվայրկեան ուշ 2 կէտ
10.- Եուքի Ցունոտա 1 շրջան ուշ 1 կէտ
ՎԱՐՈՐԴՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Մաքս Վերշթափըն (Նետերլանտներ) 77 կէտ
2.- Սերխիօ Փերես (Մեքսիքա) 64 կէտ
3.- Շարլ Լըքլեր (Մոնաքօ) 59 կէտ
4.- Քարլոս Սայնց (Սպանիա) 55 կէտ
5.- Լանտօ Նորիս (Բրիտանիա) 37 կէտ
6.- Օսքար Փիասթրի (Աւստրալիա) 32 կէտ
7.- Ճորճ Ռասըլ (Բրիտանիա) 24 կէտ
8.- Ֆեռնանտօ Ալոնսօ (Սպանիա) 24 կէտ
9.- Լուիս Համիլթըն (Բրիտանիա) 10 կէտ
10.- Լանս Սթրոլ (Քանատա) 9 կէտ
11.- Եուքի Ցունոտա (Ճափոն) 7 կէտ
12.- Օլիվըր Պերմըն (Բրիտանիա) 6 կէտ
13.- Նիքօ Հուլքընպըրկ (Գերմանիա) 3 կէտ
14.- Քեւըն Մակնուսըն (Դանիա) 1 կէտ
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐ
1.- Ռետ Պուլ 141 ԿԷՏ
2.- Ֆեռարի 120 ԿԷՏ
3.- Մաքլարէն 69 ԿԷՏ
4.- Մերսետես 34 ԿԷՏ
5.- Ասթոն Մարթին 33 ԿԷՏ
6.- Ար. Պի. 7 ԿԷՏ
7.- Հաաս 4 ԿԷՏ


