Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պրիւքսելի մէջ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն հանդիպումին նախօրեակին յատուկ յայտարարութիւն հրապարակած է եւ քննադատած այդ նախաձեռնութիւնը: Անգարայի գնահատումով` Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լեյեն հանդիպումը «կը հակասէ չէզոքութեան սկզբունքին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, «շրջանին մէջ ստեղծուած է կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան պատմական կարելիութիւն», «շրջանը շատ մօտ է այս պատմական կարելիութեան յաջողութեան հասնելուն»:
«Կարեւոր է, որ երրորդ կողմերը, մասնաւորաբար ոչ շրջանային երկիրները, այս հոլովոյթին մօտենան արդար եւ անաչառ` զգուշօրէն խուսափելով յառաջընթացը խոչընդոտող գործողութիւններէ», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Անգարան կը պնդէ, որ պրիւքսելեան հանդիպումը «կ՛անտեսէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը», ինչ որ «միայն Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական նոր տարակարծութիւններու համար հիմք պիտի ստեղծէ»:
«Մենք անգամ մը եւս երրորդ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` հաշուի առնելով շրջանի առանձնայատկութիւնները հաւասար մօտեցում որդեգրելու հակամարտող կողմերուն նկատմամբ», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


